Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանտելայի Հասցէին Անոր Արտայայտութեան Համար Ափրիկեան Ազգային Քոնկրես Կուսակցութիւնը Թրամփը Նկատած Է «Ամերիկայի Նախագահի Պաշտօնը Վարած Ամէնէն Վտանգաւոր Եւ Անյարգալից Մարդը»

September 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան իշխող քաղաքական կուսակցութիւնը` Ափրիկեան ազգային քոնկրեսը դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահ Նելսըն Մանտելայի հասցէին ենթադրաբար ունեցած արտայայտութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»-ը:

Ափրիկեան ազգային քոնկրեսին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Հարաւային Ափրիկէի գլխաւոր քաղաքական կուսակցութիւնը Թրամփը կոչած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը երբեւէ վարած «ամէնէն վտանգաւոր, կնատեաց եւ անյարգալից մարդը»:

«Աշխարհի բոլոր ազատասէր մարդիկ ցնցուած են այն վիրաւորական արտայայտութիւններէն, որոնք հնչեցուցած է մարդ մը, որ ատակ ղեկավարի օրինակ չէ», յայտարարած է կուսակցութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախկին փաստաբան, այժմ բանտարկուած Մայքըլ Քոհեն երկրի առաջին դէմքին մասին գրած է զգայացունց բացայայտումներով գիրք, որ տակաւին չէ հրատարակուած, սակայն ատոր բնագրային տարբերակները յայտնուած են որոշ լրատուամիջոցներու տրամադրութեան տակ:

Ըստ գիրքի հեղինակին, Թրամփ յաճախ վիրաւորանքներ հնչեցուցած է Նելսըն Մանտելայի հասցէին` անոր հայհոյելով եւ ըսելով, որ ան «ղեկավար չէ»:

«Մանտելան ամբողջ երկիրը կրակի մէջ ձգեց: Գրողը տանի զինք: Ան ղեկավար չէ եղած», Քոհենի խօսքով` ըսած է Թրամփ:

Սպիտակ տունը հերքած է մեղադրանքները` զանոնք կոչելով «խօսքեր` դժգոհ նախկին աշխատակիցի մը կողմէ, որ կը ձգտի մաքրել իր սեփական անունը»:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ժամկէտներ, Պայմաններ Եւ Առաջադրանքներ

Յաջորդը

Աֆղանիստանի Փոխնախագահը Մահափորձէ Փրկուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.