Միջազգային

«Ասիկա Մեր Պատերազմը Չէ, Ղարաբաղի Մէջ Սպաննուածներուն Գրեթէ 50 Առ Հարիւրը Թալիշներ Են, Ասիկա Մեր Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւն Է» Կ՛ըսէ Թալիշ Ընդդիմադիր Մը

«Ասիկա Մեր Պատերազմը Չէ, Ղարաբաղի Մէջ Սպաննուածներուն Գրեթէ 50 Առ Հարիւրը Թալիշներ Են, Ասիկա Մեր Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւն Է» Կ՛ըսէ Թալիշ Ընդդիմադիր Մը

«ԹոլիշՄետիա»-ի թղթակիցը կը յայտնէ, թէ թալիշ յայտնի լրագրող եւ հասարակական¬քաղաքական գործիչ Զապիլ Մահարրամով հայկական լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին մէջ մեծ թիւով թալիշներ կը զոհուին: «Ասիկա թալիշ ժողովուրդի ցեղասպանութիւն է», ըսած է ան: Ըստ Մահարրամովի, այս պատերազմին մէջ  զոհուածներուն գրեթէ 50 առ հարիւրը թալիշներ են: «Ռուսիոյ քաղաքացի թալիշները երկար ժամանակէ ի վեր կը յայտարարէին`...

«Ըստ Մեր Հետախուզութեան, Լուրջ Տագնապի Պարագային Հայերը Պիտի Յաղթեն Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ-ի Զօրավարը

«Ըստ Մեր Հետախուզութեան, Լուրջ Տագնապի Պարագային Հայերը Պիտի Յաղթեն Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ-ի Զօրավարը

Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար Ճէյմս Սթաւրիտիս «Պլումպըրկ»-ի մէջ հրապարակուած իր` «Կովկասի մէջ պատերազմը պիտի ներքաշէ Թուրքիան եւ Ռուսիան» խորագիրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է իր պաշտօնավարման ընթացքին Արցախի շուրջ արձանագրուած զարգացումներուն եւ յայտարարած, որ իր գործունէութեան ընթացքին գոյութիւն ունեցող հետախուզութեան համաձայն, Արցախի մէջ լուրջ տագնապի պարագային հայերը պիտի յաղթեն: «ՕԹԱՆ-ի մէջ իմ աշխատելուս չորս տարիներուն ընթացքին ազրպէյճանցիները...

Աւստրիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Հարցերու Յանձնախումբին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Իրավիճակի Մասին Քննարկումներ

Աւստրիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Հարցերու Յանձնախումբին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Իրավիճակի Մասին Քննարկումներ

29 սեպտեմբերին Աւստրիոյ դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած են քննարկումներ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակի մասին: Յանձնախումբի անդամներուն իրավիճակին վերաբերեալ զեկուցած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալլենպերկ: Նախարարը շեշտած է լարուածութեան մեղմացման «հրատապ անհրաժեշտութիւն»-ը: Ան տեղեկացուցած է, որ իր հայ գործընկեր Զոհրապ Մնացականեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ան եւս կոչ ուղղած է շփման գիծի...

«Արապիա» Կը Հաղորդէ. Իսրայէլ Զէնքով Բեռնաւորուած Օդանաւեր Կ՛ուղարկէ Ազրպէյճան

Իսրայէլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին տարիներուն ընթացքին ամէնէն լարուած բախումի ենթահողին վրայ զէնք կ՛ուղարկէ Պաքու: Սէուտական «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են պաշտօնական եւ հետախուզական աղբիւրները: «Արապիա» կը նկատէ, որ զինուորական գործողութիւններու թէժացման զուգահեռ հետզհետէ աւելի շատ երկիրներ կը ներքաշուին` առաջնորդուելով տարատեսակ քաղաքական եւ զինուորական շահերով: «Իսրայէլ Ազրպէյճանի զէնքի գլխաւոր մատակարարներէն մէկն է, հակառակ...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Մերժած Է Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու Պահանջը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Նիկերի մնայուն ներկայացուցիչ Ապտու Ապարին, որ այժմ կը նախագահէ Ապահովութեան խորհուրդին: «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կ՛աջակցին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու, լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ անյապաղ բանակցութիւններու վերադառնալու վերաբերեալ հակամարտող կողմերուն ուղղուած կոչը», յայտնած է...

Ռուհանի. «Պէտք Է Բոլորս Ջանանք Շրջանային Խնդիրները Լուծել Քաղաքական Ճամբով`  Միջազգային Օրէնքի Եւ Հողերու  Ամբողջականութեան Հիմամբ»

Ռուհանի. «Պէտք Է Բոլորս Ջանանք Շրջանային Խնդիրները Լուծել Քաղաքական Ճամբով` Միջազգային Օրէնքի Եւ Հողերու Ամբողջականութեան Հիմամբ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յայտնեց շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը: Ռուհանի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց զսպելու իրենց տարակարծութիւնները եւ զանոնք լուծելու երկխօսութեան ու բանակցութեան ճամբով` վստահեցնելով, որ Թեհրան պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններու լուծման համար շինիչ դերակատարութիւն ստանձնելու: «Պէտք է բոլորս ջանանք շրջանային խնդիրները լուծել քաղաքական ճամբով` միջազգային օրէնքի եւ հողերու ամբողջականութեան...

Մոսկուան Պատրաստ Է Հարթակ Տրամադրելու  Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Հանդիպումին Համար

Մոսկուան Պատրաստ Է Հարթակ Տրամադրելու Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումին Համար

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ առանձին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը` Մոսկուան առաջարկելու իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարթակ եւ եռակողմանի հանդիպման վայր: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութենէն: 30 սեպտեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով առանձին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար...

«Թրամփի Վարչակազմը Պէտք Է Թուրքիայէն Պահանջէ  Հեռու Մնալ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապէն»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Թրամփի Վարչակազմը Պէտք Է Թուրքիայէն Պահանջէ Հեռու Մնալ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապէն» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահական դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կոչ ուղղած է Թուրքիայէն պահանջելու, որ հեռու մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապէն: «Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ատոր շուրջ զոհերու աճող տուեալները` Թրամփի վարչակազմը պէտք է իրավիճակի անյապաղ լարուածութեան մեղմացման կոչ ուղղէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն: Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պէտք է նաեւ պահանջէ միւս երկիրներէն, ինչպէս օրինակ` Թուրքիայէն, հեռու մնալ...

Մաքրոն Մտահոգ Է Թուրքիոյ Ռազմաշունչ  Յայտարարութիւններուն Առնչութեամբ. Ան Արցախի  Իրավիճակի Լուծման Ուղիները  Պիտի Քննարկէ Փութինի Եւ Թրամփի Հետ

Մաքրոն Մտահոգ Է Թուրքիոյ Ռազմաշունչ Յայտարարութիւններուն Առնչութեամբ. Ան Արցախի Իրավիճակի Լուծման Ուղիները Պիտի Քննարկէ Փութինի Եւ Թրամփի Հետ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը ծրագրէ հեռաձայնային բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման ուղիները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնած է երէկ Լաթվիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Այս հարցով կը զբաղի միջնորդներու միջազգային իրաւասու խումբը` Մինսքի խմբակը, որուն...

Յունաստանի Նախաձեռնութեամբ  Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով ԵԱՀԿ-ի Մնայուն  Խորհուրդի Հանդիպում Տեղի Ունեցած Է

ԵԱՀԿ-Ի Մնայուն Խորհուրդը Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

29 սեպտեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ զարգացումներու հարցով յատուկ ժողովը, որուն ներկայ գտնուած են ԵԱՀԿ-ի 57 անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՀԿ-ի հրապարակած յայտարարութիւնը: Քննարկման սկիզբը Մնայուն խորհուրդի նախագահ Իկլի Հասանին ընդգծած է նախագահութեան մտահոգութիւնը տեղի ունեցող բախումներու վայրին մէջ իրավիճակի վատթարացման շուրջ: Վերջինս կրկնած է ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան` անյապաղ լարուածութեան...

ՄԻԵԴ-ը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Խաղաղ Բնակչութեան  Իրաւունքները Ոտնահարող Տագնապը

ՄԻԵԴ-ը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Խաղաղ Բնակչութեան Իրաւունքները Ոտնահարող Տագնապը

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է դադրեցնելու տագնապը, որ կ՛ոտնահարէ խաղաղ բնակիչներու իրաւունքները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սթրազպուրկի դատարանի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած յայտարարութեան: Եւրոպական ատեանի որոշումին մէջ կը նշուի, որ ստեղծուած իրավիճակը մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի լուրջ խախտումներու առնչուած է, այդ պատճառով ալ ՄԻԵԴ-ը որոշած է կիրարկել իր կանոնակարգի 39-րդ...

«Թուրքիան Պէտք Է Դադրեցնէ Ազրպէյճանի  Որեւէ Աջակցութեան Տրամադրումը»  Կ՛ըսէ Ամերիկացի Քոնկրեսականը

«Թուրքիան Պէտք Է Դադրեցնէ Ազրպէյճանի Որեւէ Աջակցութեան Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Քոնկրեսականը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամ Ճէյսըն Քրաուն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի` Արցախի դէմ շղթայազերծած գործողութիւնները եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` չաջակցելու Ազրպէյճանին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը: «Ես կը դատապարտեմ ազրպէյճանական յարձակումները Արցախի վրայ եւ կոչ կ՛ուղղեմ անյապաղ դադրեցնելու բռնութիւնները: Աւելի՛ն, Թուրքիան պէտք է դադրեցնէ Ազրպէյճանին որեւէ աջակցութիւն եւ յարձակման կարելիութեան ընձեռումը: Միացեալ Նահանգներ պէտք է աշխատին...

Փոմփէօ Իրանի Հարցով Լսումի Համար  Հրաւիրուած Է Քոնկրես

Էնկել. «Միացեալ Նահանգներ` Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ, Պէտք Չէ Աչք Փակեն Թուրքիոյ Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Սրման Վրայ»

Թուրքիան կը  խափանէ խաղաղ հոլովոյթը, որ կոչուած է կարգաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող տագնապը, եւ գործը կը տանի դէպի հիմնախնդիրի սրում: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այսպիսի կարծիք յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յանձնախումբի նախագահ Էլիոթ Էնկել (Նիւ Եորք, դեմոկրատական): «Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, պէտք չէ աչք փակեն Թուրքիոյ կողմէ խաղաղ հոլովոյթի խափանման, ինչպէս նաեւ...

«Միջազգային Ընտանիքը Եզակի  Միասնականութիւն  Կը Ցուցաբերէ Լեռնային  Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Միջազգային Ընտանիքը Եզակի Միասնականութիւն Կը Ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Միջազգային ընտանիքը այսօր կարծիքներու եզակի միասնականութիւն ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Պէտք է արժանին մատուցենք միջազգային ընտանիքին, որ շատ հազուադէպ ժամանակակից պայմաններու մէջ հաւաքուելու կարելիութիւն եւ ուժ կը գտնէ: Այս անգամ, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, թէ՛ ալ պետութիւններու ղեկավարներու,...

Յունաստանի Նախաձեռնութեամբ  Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով ԵԱՀԿ-ի Մնայուն  Խորհուրդի Հանդիպում Տեղի Ունեցած Է

Յունաստանի Նախաձեռնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Հանդիպում Տեղի Ունեցած Է

Երեքշաբթի երեկոյեան Յունաստանի խնդրանքով տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան:   Կը հաղորդուի, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս համապատասխան պահանջը ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող Ալպանիոյ ուղղուած նամակին մէջ: «Յունական նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի ԵԱՀԿ-ի ծիրին...

400 Քոնկրեսականներ Թրամփին Կոչ Կ՛ուղղեն  Սուրիոյ Մէջ Ուաշինկթընի Աշխատանքը Շարունակելու

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Արցախի Վրայ Զինուորական Յարձակման Եւ Զայն Դէպի Հայաստան Ընդլայնելու Համար

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շարք մը անդամներ թէ՛ Ծերակոյտէն, թէ՛ ալ Ներկայացուցիչներու տունէն, տարածած են յայտարարութիւններ, որոնցմով կը դատապարտեն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան` ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութեան դէմ զինուորական յարձակման համար, յարձակում, որ ընդլայնուեցաւ նաեւ դէպի Հայաստան: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` Պաքուի մէջ Ալիեւի վարչակարգին տրամադրուող ամերիկեան...

Գերմանիան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին  Լոյսին Տակ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է  Օգտագործելու Անդրկովկասի Մէջ Ունեցած  Իրենց «Յատուկ» Ազդեցութիւնը

Գերմանիան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լոյսին Տակ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Օգտագործելու Անդրկովկասի Մէջ Ունեցած Իրենց «Յատուկ» Ազդեցութիւնը

Գերմանիան Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` Անդրկովկասի մէջ ունեցած իրենց «յատուկ» ազդեցութիւնը օգտագործելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի երկարաժամկէտ լուծման համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Միխայէլ Ռոթ: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի կտրուկ սրումը ցոյց կու տայ, որ սառեցուած տագնապները պէտք է դարձնել լուծուած, հակառակ պարագային անոնք անընդհատ պիտի բռնկին:...

«Ռուսիոյ Կողմէ Մեր Հողերուն Ճամբով Հայաստան Զէնք Փոխադրելու Պնդումները Սուտ Են»   Կ՛ըսէ Թեհրան

«Ռուսիոյ Կողմէ Մեր Հողերուն Ճամբով Հայաստան Զէնք Փոխադրելու Պնդումները Սուտ Են» Կ՛ըսէ Թեհրան

Իրան Վար Առաւ Արեւելեան Ազրպէյճան Նահանգի Վերեւ Թռիչք Կատարող Անծանօթ Թռչող Սարք Մը Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, թէ Ռուսիոյ կողմէ իրանեան հողերուն ճամբով Հայաստան զէնք փոխադրելու մասին պնդումները սուտ են։ Նախարարութիւնը նշեց, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ դրացի երկիրներուն միջեւ բեռնակառքերու երթեւեկն ու քաղաքային ապրանքներու անցումը, սովորականին նման, միշտ ալ կան, եւ նշեալ բեռնակառքերը միայն այդ...

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մեքանիզմներ Կան, Եւ Մոսկուան Աշխուժ Դեր Ունի Այդ Հարցին Մէջ»   Կ՛ըսէ Զախարովա

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մեքանիզմներ Կան, Եւ Մոսկուան Աշխուժ Դեր Ունի Այդ Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ իրավիճակի լուծման համար մեքանիզմներ կան, իսկ այդ գործին մէջ Մոսկուայի դերը աշխուժ է։ Ան այս մասին ըսած է «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին։ «Անհրաժեշտ է խնդիրին ընդհանուր լուծումներ գտնել, մեքանիզմներ կան։ Մեր դերը թէ՛ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի ծիրին մէջ միջնորդ, թէ՛ իբրեւ...

Ռուսիոյ Տուման Պատրաստ Է Միջնորդական Օգնութիւն Տրամադրելու Իրավիճակի Կայունացման Համար

Ռուսիոյ Տուման Պատրաստ Է Միջնորդական Օգնութիւն Տրամադրելու Իրավիճակի Կայունացման Համար

Ռուսիոյ Տուման երէկ հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին մասին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կողմերուն կոչ կ'ուղղէ՝ դադրեցնելու կրակոցը, ինչպէս նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման համար միջնորդական օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը։ Ռուս երեսփոխանները «լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի՝ մարդկային բազմաթիւ կորուստներու յանգեցուցած կտրուկ սրման առնչութեամբ եւ խստօրէն կը դատապարտեն ուժի...

Page 424 of 884 1 … 423 424 425 … 884

Արխիւներ