Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է դադրեցնելու տագնապը, որ կ՛ոտնահարէ խաղաղ բնակիչներու իրաւունքները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սթրազպուրկի դատարանի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած յայտարարութեան:
Եւրոպական ատեանի որոշումին մէջ կը նշուի, որ ստեղծուած իրավիճակը մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի լուրջ խախտումներու առնչուած է, այդ պատճառով ալ ՄԻԵԴ-ը որոշած է կիրարկել իր կանոնակարգի 39-րդ կէտը` Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ուղղելով զերծ մնալու որեւէ քայլէ` յատկապէս զինուորական գործողութիւններէ, որոնք կը յանգեցնեն քաղաքային բնակչութեան, ինչպէս նաեւ անոնց կեանքի իրաւունքի խախտման:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ դատարանը կողմերուն կոչ ուղղած է «կատարելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի, մասնաւորաբար 2-րդ յօդուածի (կեանքի իրաւունք) եւ 3-րդ յօդուածի (խոշտանգումներու եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի արգելք) համաձայն ստանձնած պարտաւորութիւնները»:
«Դատարանը նաեւ խնդրած է կողմերուն կարելի եղածին չափ շուտ իրեն տեղեկացնել պարտաւորութիւններու կատարման համար ձեռնարկուած քայլերուն մասին», նշուած է որոշումին մէջ: