Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Մտահոգ Է Թուրքիոյ Ռազմաշունչ Յայտարարութիւններուն Առնչութեամբ. Ան Արցախի Իրավիճակի Լուծման Ուղիները Պիտի Քննարկէ Փութինի Եւ Թրամփի Հետ

October 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը ծրագրէ հեռաձայնային բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման ուղիները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնած է երէկ Լաթվիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Այս հարցով կը զբաղի միջնորդներու միջազգային իրաւասու խումբը` Մինսքի խմբակը, որուն մէջ են Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները: Մենք մեր գործընկերներուն հետ (Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման) առաջին ժամերէն կապի մէջ ենք արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով եւ իմ մակարդակով: Այսօր երեկոյեան կը նախատեսեմ (կապուիլ) նախագահ Փութինի հետ, եւ, կը կարծեմ, վաղը` նախագահ Թրամփի հետ, որպէսզի փոխանակումներ կատարեմ եւ ելքեր առաջարկեմ այս դժուար իրավիճակէն», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնի կարծիքով` շրջանային ճգնաժամերը, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, կարելի չէ լուծել առանց Ռուսիոյ:

Մաքրոն մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Թուրքիոյ «ռազմաշունչ յայտարարութիւններուն» նկատմամբ:

«Ատիկա պիտի չարտօնենք: Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին յստակօրէն կ՛ըսեմ. «Ֆրանսան իր դերը պիտի կատարէ: Արթուն պիտի մնանք յարգելու ընտանիքները, ժողովուրդը, գերիշխանութիւնը»: Կացութեան մագլցումին նպաստող որեւէ յայտարարութիւն չենք հանդուրժեր», յայտարարեց Մաքրոն:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-Ի Մնայուն Խորհուրդը Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

Յաջորդը

«Թրամփի Վարչակազմը Պէտք Է Թուրքիայէն Պահանջէ Հեռու Մնալ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապէն» Կ՛ըսէ Պայտըն

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.