Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի. «Պէտք Է Բոլորս Ջանանք Շրջանային Խնդիրները Լուծել Քաղաքական Ճամբով` Միջազգային Օրէնքի Եւ Հողերու Ամբողջականութեան Հիմամբ»

October 1, 2020
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յայտնեց շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը:

Ռուհանի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց զսպելու իրենց տարակարծութիւնները եւ զանոնք լուծելու երկխօսութեան ու բանակցութեան ճամբով` վստահեցնելով, որ Թեհրան պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններու լուծման համար շինիչ դերակատարութիւն ստանձնելու:

«Պէտք է բոլորս ջանանք շրջանային խնդիրները լուծել քաղաքական ճամբով` միջազգային օրէնքի եւ հողերու ամբողջականութեան հիմամբ», նշեց Ռուհանի:

Իրանի նախագահի գրասենեակի տնօրէն Մահմուտ Ուահեզի յայտնեց. «Մեզի ուղղուած` Ազրպէյճանի հետ իր տագնապին մէջ Հայաստանին աջակցելու ամբաստանութիւնը պարզապէս անհիմն տարաձայնութիւն է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մէկ օր առաջ յայտնեց, որ Ռուսիոյ կողմէ իրանեան հողերուն ճամբով Հայաստան զէնք փոխադրելու մասին պնդումները սուտ են:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ դրացի երկիրներուն միջեւ բեռնակառքերու երթեւեկն ու քաղաքային ապրանքներու անցումը, սովորականին նման, միշտ ալ կան, եւ նշեալ բեռնակառքերը միայն այդ ծիրին մէջ կ’աշխատին»:

«Մինչ Իրան մօտէն կը հետեւի ապրանքներու դէպի այլ երկիրներ շարժումին, չ’արտօներ մեր երկրի հողերուն զէնքի եւ զինամթերքի փոխադրութեան համար օգտագործուիլը», յայտնեց Խաթիպզատէ:

 

Նախորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Դատապարտեն Թուրքիոյ Հրահրումը Եւ Մեղսակցութիւնը Պատերազմին

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին  Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.