Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ իրավիճակի լուծման համար մեքանիզմներ կան, իսկ այդ գործին մէջ Մոսկուայի դերը աշխուժ է։ Ան այս մասին ըսած է «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին։
«Անհրաժեշտ է խնդիրին ընդհանուր լուծումներ գտնել, մեքանիզմներ կան։ Մեր դերը թէ՛ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի ծիրին մէջ միջնորդ, թէ՛ իբրեւ Ազրպէյճանի հետ հասարակաց պատմութիւն ունեցող պետութիւն, բաւական աշխուժ է այս հարցին մէջ», շեշտած է Զախարովա։
Ան աւելցուցած է, որ իւրաքանչիւր երկիր պէտք է իր ներդրումը ունենայ տագնապի լուծման եւ ոչ թէ ատոր սրման գործին մէջ։
Անդրադառնալով լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ռուսիան առաւել կտրուկ յայտարարութիւններ չի կատարեր, ինչպէս օրինակ Էրտողանը, Զախարովա ըսած է. «Որովհետեւ մենք Թուրքիան Չենք։ Մեր մեթոտները տագնապներու լուծման գործին մէջ ունին իրենց պատմութիւնը։ Մենք ունինք մեր դիւանագիտութիւնը, որ բազմիցս դրսեւորուած է լաւագոյն խաղաղապահական գործողութիւններով»։