Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Նախաձեռնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Հանդիպում Տեղի Ունեցած Է

October 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի երեկոյեան Յունաստանի խնդրանքով տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան:

 

Կը հաղորդուի, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս համապատասխան պահանջը ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող Ալպանիոյ ուղղուած նամակին մէջ:

«Յունական նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ քննարկում կատարել ներգրաւուած երկու կողմերուն մասնակցութեամբ եւ քննարկել ճգնաժամը թուլացնելու բոլոր հաւանական ուղիները: Նպատակը Մինսքի խմբակին մէջ բանակցութիւններու վերսկսումն է խնդիրի խաղաղ լուծման շուրջ», նշուած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Յունական կողմը ընդգծած է. «Ճգնաժամի լուծումը կարելի է միայն խաղաղ ճամբով, բանակցութիւններու միջոցով, եւ ոչ թէ զինուորական միջոցներով»:

«Յունաստանը կը դատապարտէ որեւէ երրորդ կողմի միջամտութիւնը, որ կը խթանէ լարուածութիւնը: Այս ծիրին մէջ Թուրքիան պէտք է զերծ մնայ այդ ուղղութեամբ կատարուող գործողութիւններէն եւ յայտարարութիւններէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Տենտիասը իր հայ գործընկեր Զոհրապ Մնացականեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է «ներդրում ունենալու ճգնաժամի անյապաղ մեղմացման գործին մէջ»:

«Վաղը տեսաժողովի ձեւաչափով նոր զրոյց տեղի պիտի ունենայ Մնացականեանի հետ», յայտնած են Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Նախորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Արցախի Վրայ Զինուորական Յարձակման Եւ Զայն Դէպի Հայաստան Ընդլայնելու Համար

Յաջորդը

«Միջազգային Ընտանիքը Եզակի Միասնականութիւն Կը Ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն  Նոր Պատգամ
Միջազգային

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն Նոր Պատգամ

January 15, 2026
Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան  Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն  Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը
Միջազգային

Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

January 15, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.