Միջազգային

Փոմփէօ Իրաքի Վարչապետին Հետ Քննարկած Է  Ամերիկացի Դիւանագէտներու  Եւ Կեդրոններու Պաշտպանութեան Հարցը

Փոմփէօ. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցող Բռնութիւնը Պէտք Է Դադրեցնել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղած է դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնը եւ վերադառնալու բանակցութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը։ Փոմփէօ Կրետէ կղզիին վրայ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայան այցելութեան ժամանակ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որ ուղիղ եթեր հեռարձակուած է յունական «Ի.Առ.Թի.» պետական պատկերասփիւռի կայանէն։ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող...

Զուիցերիան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Իր Տարածքին Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Բարձր Մակարդակի Հանդիպումներ Հիւրընկալելու

Զուիցերիան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Իր Տարածքին Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Բարձր Մակարդակի Հանդիպումներ Հիւրընկալելու

Պեռն մտահոգուած է 27 սեպտեմբերին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «սրած բախումներուն» մագլցումով։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով երկուշաբթի Զուիցերիոյ կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան։ «Զուիցերիան կ'աջակցի ղարաբաղեան տագնապը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր տարածքին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ հիւրընկալելու», կը նշուի երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան...

«Փութին Եւ Ռուհանի Պաքուի Մէջ  Պիտի Քննարկեն Սպառազինութեան Մարզին Մէջ  Համագործակցութեան Հարցը»  Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլին Թուրքիոյ Եւ Միւս Երկիրներուն Կոչ Կ’ուղղէ՝ Իւղ Չթափելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կրակին Վրայ

Քրեմլին համոզուած է, որ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զինուորական աջակցութիւն տրամադրելու՝ տարբեր երկիրներու կոչերը այս պահուս միայն իւղ կը լեցնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կրակին վրայ։ «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ինչպէս կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ աւելցնելով, որ պէտք է կողմերը համոզել՝ վերադառնալու հարցի քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծման ուղի։ «Քրեմլինի...

Արցախի Վրայ Յարձակումին Համար Դատապարտելով Պաքուն Եւ Անգարան՝  «Այս Ողբերգութեան Մէջ Մենք Չենք Կրնար Ըլլալ Միայն Հանդիսատես»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Արցախի Վրայ Յարձակումին Համար Դատապարտելով Պաքուն Եւ Անգարան՝ «Այս Ողբերգութեան Մէջ Մենք Չենք Կրնար Ըլլալ Միայն Հանդիսատես» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութիւն- Հայաստան գործընկերութեան, Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համագործակցութեան խորհրդարանական յանձնախումբերուն մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան անդամ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ արցախեան տագնապի սրման լոյսին տակ յայտարարութիւն հրապարակած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու յանձնախումբի դիմատետրեան էջը։ «Խստօրէն կը դատապարտեմ շարունակուող բռնութիւնները եւ, մասնաւորաբար, ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ իրականացուող զինուորական գործողութիւնները։ Անխտիր զինուորական...

Էրտողան Եւ Ճոնսըն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Էրտողան Եւ Ճոնսըն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն երկուշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ունեցած են։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին։ Կը նշուի, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային նիւթեր, որոնց շարքին՝ արեւելեան Միջերկրականի շրջանի հարցն ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը։

Մերքել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Զինադադար Հաստատելու

Մերքել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Զինադադար Հաստատելու

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին սրումը: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ: «Վարչապետը ընդգծած է կրակոցի անյապաղ դադրեցման եւ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը», յայտնած է Զայպերթ` աւելցնելով, որ Մերքելի կարծիքով`...

Պրազիլը Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրակոցը

Պրազիլը Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրակոցը

Պրազիլի կառավարութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ զինուորական առճակատման ընթացքին։ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին կը նշուի Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է նախարարութեան կայքին վրայ։ «Պրազիլի կառավարութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինեալ դիմակայութեան զարգացումներուն, որոնք սկսած են 27 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիի շփման գիծին վրայ։ Պրազիլը կողմերուն կոչ կ'ուղղէ՝...

«Խաղաղութիւնը Այլընտրանք Չունի»   Կ՛ըսէ Սերպիոյ Նախագահը

«Խաղաղութիւնը Այլընտրանք Չունի» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Նախագահը

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ կոչ ուղղած է դադրեցնելու արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ընթացող զինուորական գործողութիւնները: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը։ Սերպական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին Ալեքսանտր Վուչիչ յայտարարած է, թէ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի։ «Մենք խաղաղութիւն կը ցանկանք, անոնք մեզի համար երկու եղբայրական եւ բարեկամական ժողովուրդներ են։ Մենք անոնց կը ցանկանք այս ամէնը կարելի եղածին...

Բրիտանիա Եւ Քանատա Միասնաբար Կը Յայտարարեն.  «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տագնապի Որեւէ Լուծում Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Բռնութիւնը Մերժելու Սկզբունքին Վրայ»

Բրիտանիա Եւ Քանատա Միասնաբար Կը Յայտարարեն. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տագնապի Որեւէ Լուծում Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Բռնութիւնը Մերժելու Սկզբունքին Վրայ»

Բրիտանիոյ եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարներ Տոմինիք Ռաապ եւ Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բանակցութիւնները վերականգնելու։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը։ «Քանատան եւ Բրիտանիան խորապէս մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ շփման գիծի երկայնքին լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու մասին հաղորդագրութիւններով։ Բնակելի կէտերու հրետակոծութիւններու...

ՀԱՊԿ-ն Կը Սպասէ Հայաստանի Դիմումին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքի Դէմ Ազրպէյճանի Ոտնձգութեան Հարցը Քննարկելու

ՀԱՊԿ-ն Կը Սպասէ Հայաստանի Դիմումին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքի Դէմ Ազրպէյճանի Ոտնձգութեան Հարցը Քննարկելու

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարութիւնը կը սպասէ Հայաստանի դիմումին, որպէսզի քննարկէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բնակավայրերը թիրախաւորելու հարցը։ ՀԱՊԿ-ի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով պատասխանած է , Արմէնփրես-ի այն հարցումին, թէ կազմակերպութիւնը արդեօք կը պատրաստուի՞ քննարկելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծութեան խնդիրը։ Որպէսզի այդ հարցը ՀԱՊԿ-ի մէջ քննարկուի, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ին դիմէ՝ համապատասխան խնդրանքով։ Այդպիսի խնդրանք ՀԱՊԿ-ի...

Քանատա-Արցախ Խորհրդարանական Խմբակցութեան Ղեկավար Հարթըր Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանական Յարձակումը

Քանատա-Արցախ Խորհրդարանական Խմբակցութեան Ղեկավար Հարթըր Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանական Յարձակումը

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Քանատայի խորհրդարանի Քանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարթըր յատուկ գրառումով դատապարտած է Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումը։ Հարթըր իր դատապարտման կոչին մէջ կը նշէ, որ ազրպէյճանական զինեալ յարձակումները դիտաւորեալ կերպով ուղղուած են անմեղ քաղաքացիներու դէմ։ Պահպանողական կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ տագնապին գծով զինուորական լուծումը անընդունելի է։ Ռէյչըլ Հարթըր նաեւ...

Քոնկրեսական Քլարք Կը Դատապարտէ Արցախի Վրայ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Քոնկրեսական Քլարք Կը Դատապարտէ Արցախի Վրայ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քեթրին Քլարք դատապարտած է Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը։ Այս առնչութեամբ ան գրառում կատարած է իր թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ։ Քոնկրեսականը նշած է. «Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ հրահրուած եւ շարունակուող յարձակումները պէտք է դատապարտուին խստագոյն ձեւով։ Նախայարձակումի այս գործողութիւնները արդէն կեանքեր խլած են եւ տեղի ունեցած են զինադադարի դրութեան խախտումէն ընդամէնը երկու ամիս ետք»։    

Պայտըն 24 Օգոստոսին  Պիտի Այցելէ Թուրքիա

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Շփման Գիծի Երկայնքին Աւելի Շատ Դէտեր Ներգրաւեն Եւ Ռուսիոյ Կոչ Ուղղեն՝ Դադրեցնելու Անպատկառօրէն Երկու Կողմերուն Զէնքի Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներ պէտք է շփման գիծի երկայնքին աւելի շատ դէտեր ներգրաւեն եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեն՝ դադրեցնելու անպատկառօրէն երկու կողմերուն զէնքի տրամադրումը։ Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին հաղորդումով յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման։ «Խորապէս մտահոգ եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու բռնկումին առիթով եւ կոչ կ'ուղղեմ անյապաղ նուազեցնելու լարուածութիւնը, վերականգնելու զինադուլը...

Խօսելով Արցախ-Ազրպէյճան Մարտերուն Մասին`  Թրամփ. «Տեսնենք, Թէ Արդեօք Պիտի Կարենա՞նք Դադրեցնել Բախումները»

Խօսելով Արցախ-Ազրպէյճան Մարտերուն Մասին` Թրամփ. «Տեսնենք, Թէ Արդեօք Պիտի Կարենա՞նք Դադրեցնել Բախումները»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման մասին լրագրողի հարցումին: «Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնած է. «Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք զարգացումներուն: Ես տեղեկացայ ատոր մասին այսօր եւ երէկ: Մենք այդ շրջանին մէջ ունինք շատ լաւ յարաբերութիւններ: Տեսնենք, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք դադրեցնել բախումները»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Նախատեսէ Արտակարգ Նիստին Քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի Իրադրութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Նախատեսէ Արտակարգ Նիստին Քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի Իրադրութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը նախատեսէ երեքշաբթի, 29 սեպտեմբերին գումարել հրատապ դռնփակ խորհրդակցութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:  «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է կազմակերպութեան աղբիւրը: «Քննարկումը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր`  դռնփակ խորհրդակցութեան ձեւաչափով», նշած է աղբիւրը: ԹԱՍՍ-ի տեղեկութիւններով` հանդիպումը նախաձեռնած են եւրոպական շարք մը պետութիւններ: Խորհրդակցութեան ձեւաչափը կ՛ենթադրէ, որ ներկայ ըլլան միայն Ապահովութեան...

«Ռուսիան Կապի Մէջ Է Թուրքիոյ Հետ` Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Հարցով»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Ռուսիան Կապի Մէջ Է Թուրքիոյ Հետ` Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Հարցով» Կ՛ըսէ Փեսքով

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը Ռուսիոյ համար լուրջ մտահոգութեան առիթ է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Սփութնիք»-ի ուղիղ եթերէն այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Իրավիճակի սրումը առնչուած չէ դուրսէն Ռուսիոյ համար նոր դժուարութիւններ ստեղծելու փորձի հետ: Մարտական գործողութիւնները պէտք է անյապաղ աւարտին: Տագնապի լուծումը պէտք է տեղափոխուի քաղաքական եւ դիւանագիտական դաշտ», ըսած է Փեսքով: Ռուսիոյ նախագահի...

«Ազրպէյճան Այլեւս Ստիպուած Է Իր Հարցերը Ինք Լուծելու»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ազրպէյճան Այլեւս Ստիպուած Է Իր Հարցերը Ինք Լուծելու» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Ազրպէյճան այլեւս ստիպուած է իր հարցերը ինք լուծելու: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Ազրպէյճանը, որ ըսաւ` «Ժամանակն է (Հայաստանի հետ) հաշուեյարդարի», այլեւս ստիպուած է իր հարցերը ինք լուծելու», ըսաւ Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ տագնապին, «որ շրջանին մէջ սկսաւ Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղ շրջանի բռնագրաւումին պատճառով»:

Մեկնաբանելով Արցախի Մէջ Տիրող Կացութիւնը`  «Ռուսիան Միշտ Եւ Բոլոր Կարելի Միջոցներով Պիտի Ձգտի Խաղաղութեան»   Կ՛ըսէ Նարիշքին

Մեկնաբանելով Արցախի Մէջ Տիրող Կացութիւնը` «Ռուսիան Միշտ Եւ Բոլոր Կարելի Միջոցներով Պիտի Ձգտի Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Նարիշքին

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տագնապի Սրումը Ափսոսանք կը պատճառէ, անիկա կրնայ լուծուիլ միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին: «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տագնապի սրումը, ի հարկէ, ցաւալի է: Դժբախտաբար, կան զոհեր, կողմերը կ՛օգտագործեն նաեւ ծանր զէնքեր:...

Մինչ Էրտողան Իտլիպի Մէջ «Մօտալուտ» Թրքական Գործողութեամբ Մը Կը Սպառնայ.  Քրեմլին Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Սուրիոյ  Բանակին Դէմ Որեւէ Յարձակում Գործելէ

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Բոլոր Արտաքին Ու Ներքին Դերակատարները Պէտք Է Առաւելագոյն Զսպուածութիւն Ցուցաբերեն»

Մոսկուա բոլոր արտաքին ու ներքին «դերակատարներուն» կոչ կ՛ուղղէ` Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի հարցին մէջ առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորելու: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքոյի յայտարարութեան: «Բոլոր արտաքին եւ ներքին դերակատարներուն կոչ կ՛ուղղենք ցուցաբերելու առաւելագոյն զսպուածութիւն, ներառեալ` հռետորաբանութեան առումով: Այժմ անհրաժեշտ է չափազանց զգուշ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ զինադադարի դրութեան անյապաղ ձեռքբերման...

Չինաստան Յոյսով Է, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կը Կարենան Տարակարծութիւնները Երկխօսութեան Ճամբով Լուծել

Չինաստան Յոյսով Է, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կը Կարենան Տարակարծութիւնները Երկխօսութեան Ճամբով Լուծել

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը կարենան իրենց տարակարծութիւնները լուծել երկխօսութեան ճամբով, եւ կոչ ուղղած է հանդարտութեան եւ զսպուածութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վան Վենպին այս առնչութեամբ նշած է, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը կը համապատասխանէ բոլոր կողմերու շահերուն:  

Page 425 of 884 1 … 424 425 426 … 884

Արխիւներ