Ռուսիոյ Տուման երէկ հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին մասին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կողմերուն կոչ կ’ուղղէ՝ դադրեցնելու կրակոցը, ինչպէս նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման համար միջնորդական օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը։
Ռուս երեսփոխանները «լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի՝ մարդկային բազմաթիւ կորուստներու յանգեցուցած կտրուկ սրման առնչութեամբ եւ խստօրէն կը դատապարտեն ուժի կիրարկումը։
«Պետական Տուման կը յայտարարէ կրակոցի անյապաղ դադրեցման, շրջանին մէջ առճակատման սրացումէն հրաժարելու եւ իրավիճակը միայն խաղաղ ճամբով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին։ Երեսփոխանները կողմերուն կոչ կ’ուղղեն շուտափոյթ վերադառնալու բանակցային հոլովոյթին եւ պատրաստ են տրամադրելու միջնորդական օգնութիւն իրավիճակի կայունացման համար», կը նշուի բնագիրին մէջ։