Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Հարցերու Յանձնախումբին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Իրավիճակի Մասին Քննարկումներ

Հոկտեմբեր 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 սեպտեմբերին Աւստրիոյ դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած են քննարկումներ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակի մասին:

Յանձնախումբի անդամներուն իրավիճակին վերաբերեալ զեկուցած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալլենպերկ:

Նախարարը շեշտած է լարուածութեան մեղմացման «հրատապ անհրաժեշտութիւն»-ը: Ան տեղեկացուցած է, որ իր հայ գործընկեր Զոհրապ Մնացականեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ան եւս կոչ ուղղած է շփման գիծի երկայնքին բոլոր մարտերը դադրեցնելու եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Նախարար Շալլենպերկ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը կ՛ապացուցէ, թէ որքա՛ն արագ կրնայ լարուածութիւնը վերածուիլ թէժ տագնապի: «Լարուածութիւնը պէտք է նուազեցուի խօսքով եւ գործով», նշած է արտաքին գործոց նախարարը` նկատի ունենալով շրջանի բոլոր դերակատարները:

Նախարարի զեկուցումին հետեւած քննարկումներու ժամանակ խօսքեր արտասանած են յանձնախումբի անդամները: Մասնաւորաբար, յանձնախումբի փոխնախագահ, Աւստրիոյ ժողովրդական կուսակցութեան երեսփոխան Ռայնհոլտ Լոփաթքան ուշադրութեան հրաւիրած է Թուրքիոյ դերին վրայ եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապը դիտաւորեալ կերպով սրելու մէջ:

Աւստրիոյ ազատական կուսակցութեան անունով խօսած է երեսփոխան Աքսել Քասեկկեր, որ Թուրքիան բնութագրած է իբրեւ շրջանին մէջ անկարգութիւններ հրահրող գործօն, եւ մէկ անգամ եւս կրկնած է իր խմբակցութեան Եւրոպական Միութեան ուղղած կոչը` վերջնականապէս խզելու Անգարայի հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները:

Աւստրիոյ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բանբեր, երեսփոխան Լէօ Քոհլպաուըր ըսած է, որ կ՛ակնկալէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի միջամտէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ զինեալ յարձակումի հարցին մէջ: Ըստ Քոհլպաուըրի, թուրք բռնակալ Էրտողան պէտք է Եւրոպական Միութեան կողմէ կարգի հրաւիրուի եւ պատժուի, եթէ անմիջապէս չդադրեցնէ Ազրպէյճանին իր աջակցութիւնը: «Թուրքիան, ըստ երեւոյթին, այստեղ նոր կարելիութիւն կը տեսնէ իր կողմէ ատելի հայերը ոչնչացնելու համար», նշած է Քոհլպաուըր` յիշեցնելով 1915-1916 թուականներուն հայերուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ քննարկումը:

Քոհլպաուըր իսլամական Ազրպէյճանի յարձակումը կը նկատէ շրջանը իսլամականացնելու նոր փորձ, որուն զոհ կրնայ դառնալ քրիստոնեայ Հայաստանը, իսկ Էրտողանի աջակցութիւնը Ազրպէյճանին անակնկալ չէ: Քոհլպաուըր Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու` մարդկային կեանքերը փրկելու եւ տառապանքներէն խուսափելու համար:

Կանաչներու խմբակցութեան ղեկավարի տեղակալ, կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բանբեր Էւա Էռնսթ-Ձիձիչի կարծիքով` ուժի կիրարկումը չի կրնար յանգեցնել խնդիրի վերջնական լուծման: «Ուժի կիրարկումը վստահ սխալ միջոց է այս տագնապի համար վերջնական լուծում գտնելու համար, որ տասնամեակներ շարունակ կը մարի եւ դարձեալ կը բռնկի», նշած է ան: Էւա Էռնսթ-Ձիձիչ նաեւ քննադատած է Թուրքիան` ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ, ըստ շրջանառուող լուրերու, Սուրիայէն ժիհատական վարձկաններ Ազրպէյճան ուղարկելու համար:

Էռնսթ-Ձիձիչ անյապաղ զինադադարի եւ տարիներու շարունակ լարուած տագնապի հարցին մէջ միջազգային միջնորդութեան կոչ ուղղած է: «Երկու կողմերն ալ պէտք է անյապաղ դադրեցնեն կրակոցը եւ փոխարէնը օգտուին միջազգային միջնորդական առաջարկներէն», նշած է Էռնսթ-Ձիձիչ` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին (որ նոյն օրը նոյնպէս կոչ ուղղած է հակամարտող կողմերուն դադրեցնելու մարտերը) եւ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական ձեւաչափին: «Մենք կ՛աջակցինք ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի որեւէ նախաձեռնութեան` լուծելու այս երկարատեւ տագնապը: Սակայն երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ յաջողութեան կարելի է հասնիլ միայն, եթէ երկու կողմերն ալ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ պատրաստ ըլլան նաեւ տարածքային զիջումներու: Առանց միջազգային միջնորդութեան, ես ներկայիս չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կրնան երկու պատերազմող կողմերը դուրս գալ խառնաշփոթ իրավիճակէն: Հետեւաբար, մենք պէտք է միջազգային մակարդակով արագ յառաջ շարժինք եւ սկսինք խաղաղութեան լուրջ հոլովոյթի, հակառակ պարագային արիւնահեղութիւնը յաւերժ պիտի շարունակուի», ըսած է երեսփոխանը:

Էւա Էռնսթ-Ձիձիչ նաեւ նշած է. «Այս իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը պէտք չէ «կրակին վրայ իւղ լեցնէ» եւ ատով ալ աւելի թէժացնէ տագնապը: Խօսքը մարդկային կեանքի մասին է, որ աւելի՛ն է, քան ներգրաւուած մեծ ուժերու խաղերը»: Ըստ երեսփոխանին, Ռուսիան այստեղ եւս կրնայ պատասխանատու դերակատարութիւն ունենալ:

 

Նախորդը

«Արապիա» Կը Հաղորդէ. Իսրայէլ Զէնքով Բեռնաւորուած Օդանաւեր Կ՛ուղարկէ Ազրպէյճան

Յաջորդը

«Ըստ Մեր Հետախուզութեան, Լուրջ Տագնապի Պարագային Հայերը Պիտի Յաղթեն Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ-ի Զօրավարը

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?