«Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ձեռք Բերուած Զինադադարը Ճգնաժամի Վերջնական Լուծում Չէ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է, թէ Իրան կը կարծէ, որ այժմ ձեռք բերուած զինադադարը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ճգնաժամի վերջնական լուծում չէ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ-ն: Խաթիպզատէի համաձայն, այս ճգնաժամի լուծման եղանակը արդարադատութեան եւ պետութիւններու իրաւունքներուն վրայ ուշադրութեան սեւեռումն է: Մամուլի բանբերը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Իրան շրջանին մէջ արտաքին...




















