Ամերիկան, ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն մէկը, կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ակներեւ զինադադարի հաստատումը եւ մարտական գործողութիւններու դադրեցումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ատոր շուրջ գոյութիւն ունեցող տագնապին առնչութեամբ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Ճէյմս Ս. Կիլմոր Գ.-ի յայտարարութեան մէջ:
Դեսպանին համաձայն, մշտապէս ըսուած է, որ այս տագնապը չունի զինուորական լուծում: Ցաւակցութիւն յայտնելով վերջին շրջանի գործողութիւններուն պատճառով կորսուած կեանքերուն համար, ներառեալ քաղաքայինները, դեսպանը ընդգծած է, որ իրավիճակի զարգացման եւ 10 նոյեմբերին ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին աւելին իմանալու զուգահեռ պէտք է անդրադարձ կատարուի թափանցիկ խաղաղութեան ապահովման հարցին մէջ միջազգային ընտանիքին եւ ԵԱՀԿ-ին վերապահուող դերակատարութեան:
«Տեղւոյն վրայ տիրող մարդասիրական իրավիճակը բոլորիս համար խիստ մտահոգիչ է: Մենք կը վերահաստատենք կողմերուն երկուստեք ուղղուած հրատապ կոչերը` հետեւելու 10 հոկտեմբերի մարդասիրական զինադադարի համաձայնութեան, որ կողմերը վերահաստատած էին 17 հոկտեմբերին, ապա նաեւ 25 հոկտեմբերին: Մենք նաեւ կողմերուն երկուստեք կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ ձեռնարկելու 29 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ համաձայնեցուած քայլերը: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք պաշտպանելու քաղաքայիններն ու քաղաքային կառոյցները: Քաղաքայիններու, որոնց շարքին խոցելի խումբերու` տարեցներու եւ երեխաներու զանգուածային տեղահանութիւնները համաշխարհային համաճարակի ընթացքին եւ ձմրան նախաշեմին գրեթէ անկասկած պիտի յանգեցնեն անհարկի մարդասիրական ճգնաժամի: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել բախումներու վերսկսման, խուսափելու հրահրիչ հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, օգտագործելու բախումներու դադրեցման ընձեռած կարելիութիւնը տեւական խաղաղութիւն կերտելու նպատակով: Արտաքին ուժերը կը յորդորենք գործելու պատասխանատու կերպով եւ խուսափելու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան նոր բախումներ հրահրել կամ առաւել սրել շրջանային լարուածութիւնները», ընդգծուած է դեսպանի յայտարարութեան մէջ:
Ամերիկացի դեսպանը ընդգծած է, որ այս տագնապը չափէն աւելի երկար կը շարունակուի: Տագնապի ազդեցութեան գօտիին եւ շրջանին մէջ գտնուող մարդիկ շատ բարձր գին կը վճարեն ատոր համար: Ան յոյս յայտնած է, որ տեւական խաղաղութիւնը իրենց տեսադաշտին մէջ ըլլայ: Դեսպանը վստահութիւն յայտնած է, որ Մինսքի խմբակը պատրաստ պիտի ըլլայ մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման: