Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Ռուսիոյ մէջ իր դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուն տուն կանչելու մասին շրջանառուող տեղեկութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Պիւլպիւլօղլու վերջերս «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանէն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած էր Հայաստանի օդային տարածքին մէջ օրեր առաջ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Ռուսիոյ բանակի օդուժի «ՄԻ-24» զինուորական ուղղաթիռի ջախջախման ու ըսած. «Պատերազմը պատերազմ է, ամէն բան կրնայ պատահիլ»:
Ազրպէյճանի նախագահի բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ` փորձելով կացութիւնը սրբագրել, յայտարարած էր, թէ Պաքուի մէջ այդ յայտարարութիւնը կը նկատեն անտեղի: