Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ռուսիան Կը Բանակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ, Որպէսզի ՄԱԿ-ի Կառոյցները Կարենան Գործունէութիւն Ծաւալել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ»

November 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ իր ջանքներուն մասին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական հարցերու լուծման վերաբերեալ խորհրդակցութեան ժամանակ:

«Մենք մեր գործընկերներուն, նախ եւ առաջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ֆրանսային եւ Միացեալ Նահանգներուն, մանրամասն տեղեկացուցած ենք այդ մասին: Ես խօսած եմ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ, մանրամասն ներկայացուցած եմ իրավիճակը եւ այն ջանքերը, որոնք մենք ձեռնարկած ենք: Մենք խօսած ենք նաեւ ամերիկացի գործընկերներու հետ», ըսած է Լաւրով:

Լաւրովի համաձայն, Ռուսիան ՄԱԿ-ի խնդրանքով կը փորձէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութիւններ ձեռք բերել, որպէսզի համաշխարհային կազմակերպութեան կառոյցները կարենան գործել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Մենք կապի մէջ ենք միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը զբաղին մարդասիրական գործունէութեամբ: Խօսքը, նախ եւ առաջ, գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան, ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման վարչութեան եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին մասին է: Բոլոր այդ կառոյցները ունին իրենց ներկայութիւնը շրջանին մէջ, սակայն ոչ անմիջականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այժմ մենք մեր հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ հաղորդակցութիւններուն ընդմէջէն կը փորձենք համաձայնութիւն ձեռք բերել, որպէսզի անոնք գործունէութիւն ծաւալեն անմիջականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Փութին. «Յոյսով Եմ, Որ Այլեւս Չենք Օգտագործեր «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապ» Բառակապակցութիւնը»

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Ուժային Բեմագրութեան Շուրջ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Դիրքորոշումներու Տարբերութիւնը Չի Խանգարեր Սերտ Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։