Միջազգային

Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Հետ  Փակ Դռներու Ետին Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի  Շուրջ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ  Ձեռք Բերած Համաձայնութիւնը

Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Հետ Փակ Դռներու Ետին Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ Ձեռք Բերած Համաձայնութիւնը

Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն փակ խորհրդակցութեան դրութեամբ տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու շուրջ ձեռք բերած համաձայնութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի մէջ իր աղբիւրին: «Այսօր Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պատմած է Մոսկուայի, Պաքուի ու Երեւանի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին», նշած է գործակալութեան...

«Ղարաբաղեան Տագնապը Միայն Խաղաղ  Լուծում Կրնայ Ունենալ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Շրջանին Մէջ Թուրք Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Չէ Քննարկուած» Կ՛ըսէ Փեսքով

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման թուրք խաղաղապահներու մասնակցութիւնը անկարելի է առանց Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութեան, սակայն այդ հարցը չէ քննարկուած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան պատրա՞ստ է համաձայնելու շրջանին մէջ թուրք խաղաղապահներու ներկայութեան, Քրեմլինի բանբերը ըսած է. «Այդ հարցը չէ քննարկուած»: «Ատիկա չի...

Նշելով, Որ Թուրքիան Եահկ-Ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներու Կազմին Մէջ Պիտի Չներառուի.  Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը  Պիտի Որոշուի Շրջանի Բնակիչներու  Իրաւունքներու Յստակացումէն Ետք»

Նշելով, Որ Թուրքիան Եահկ-Ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Կազմին Մէջ Պիտի Չներառուի. Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Պիտի Որոշուի Շրջանի Բնակիչներու Իրաւունքներու Յստակացումէն Ետք»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եռեակ կազմը, որուն մաս կը կազմեն Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, ծրագրուած չէ ընդլայնել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ ռուսական ու արտասահմանեան լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Ոչ մէկ մտադրութիւն կայ ընդլայնելու համանախագահներու եռեակ կազմը, որուն մէջ կը մտնեն Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան: Ինչպէս...

Քոնկրեսական Փալոն Ներկայացուց Ամերիկա-Հայաստան «Ռազմավարական Գործընկերութիւն»-ը Ողջունող Բանաձեւը

«Ներկայ Զինադադարին Մէջ Շարադրուած Պայմանները Անընդունելի Են Արցախի Երկարաժամկէտ Անվտանգութեան Համար» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Փալոն

Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ստորագրուած զինադադարը երկարաժամկէտ խաղաղ լուծում չէ: Կան բազմաթիւ առանցքային հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին, որպէսզի այս տագնապը կայուն լուծում ստանայ: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղելով անյապաղ վերականգնելու համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ¬ի հետ` այդ հարցերու լուծման համար: «Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցուող որեւէ ապագայ բանակցային լուծում պէտք...

Ռուսիան Եւ Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Զինադադարի Վերահսկման Կեդրոնի  Ստեղծման Մասին Յուշագիր Ստորագրած Են

Ռուսիան Եւ Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Վերահսկման Կեդրոնի Ստեղծման Մասին Յուշագիր Ստորագրած Են

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման վերահսկման միացեալ կեդրոն ստեղծելու մասին յուշագիր ստորագրած են: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան հսկողութեան ռուս-թրքական կեդրոնը պիտի քննարկէ դժգոհութիւններն ու համաձայնութիւններու խախտումներուն հետ առնչուած խնդիրները:

«Երեւանը Եւ Պաքուն Պէտք Է Անյապաղ Վերսկսին  Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին  Շուրջ Բանակցութիւններուն»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Երեւանը Եւ Պաքուն Պէտք Է Անյապաղ Վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին Շուրջ Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Երեւանը եւ Պաքուն պէտք է վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ բանակցութիւններուն` զայն յստակացնելու եւ տագնապին երկարաժամկէտ լուծում տալու նպատակով», յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այդ բանակցութիւնները պէտք է անյապաղ վերսկսին: «Պէտք է արտօնուի տագնապին պատճառով վերջին շաբաթներուն տեղահանուած անձերու վերադարձը եւ որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակը», ըսած է Ժան-Իվ...

«Ղարաբաղեան Տագնապը Միայն Խաղաղ  Լուծում Կրնայ Ունենալ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

Ընդգծելով, Որ Ռուս-Թրքական Միացեալ Խաղաղապահ Զօրակազմի Տեղակայման Մասին Խօսք Չկայ. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Գործառոյթները Տակաւին Պէտք Է Յստակացուին» Կ՛ըսէ Փեսքով

  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործառոյթները, ներառեալ մշակութային ու կրօնական վայրերու պաշտպանութեան հարցերը, տակաւին պէտք է յստակացուին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Խօսքը խաղաղապահ զօրակազմի մասին է: Գործառոյթները, բնականաբար, տակաւին պէտք է յստակացուին, որովհետեւ անոնք նշուած չէին երկու նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի միացեալ յայտարարութեան մէջ»,...

«Սուրիան Ամբողջական Իրաւունք Ունի Իր Հողերուն Վրայ Գտնուող Ահաբեկչական  Խմբաւորումներուն Վերջ Տալու»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Զինուորական Գործողութիւններու Դադրեցման Յայտարարութիւնը Պիտի Տանի Լիարժէք Բանակցութիւններու» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու յայտարարութիւնը պիտի յանգեցնէ լիակատար բանակցային հոլովոյթի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Զախարովա այս մասին ըսած է «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

ԵԱՀԿ-ը Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Զինուորական Գործողութիւններու Դադրեցումը

ԵԱՀԿ-ը Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Դադրեցումը

ԵԱՀԿ-ի մէջ Ալպանիոյ նախագահութիւնը ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «ԵԱՀԿ-ի մէջ Ալպանիոյ նախագահութիւնը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական բախումներու դադրեցումը:  Խաղաղութեան հասնելու համար միջազգային միջնորդութիւնը պէտք է նպաստէ, որ որեւէ համաձայնեցուած որոշում կայուն եւ մարդասիրական սկզբունքներու հետ համատեղելի ըլլայ», նշուած է ԵԱՀԿ-ի նախագահի հաղորդագրութեան մէջ:

Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Համաձայնութիւնը Պիտի Նպաստէ  Տագնապի Ամբողջական Լուծման

Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Համաձայնութիւնը Պիտի Նպաստէ Տագնապի Ամբողջական Լուծման

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնագիրը պիտի նպաստէ տագնապի ամբողջական լուծման: «Վրաստան կ՛աջակցի կողմերու երկխօսութեան: Մենք պատրաստակամութիւն կը յայտնենք միջազգային ընտանիքին հետ նպաստելու խաղաղ հոլովոյթին: Կը հաւատանք, որ միջազգային ընտանիքի աշխուժ ջանքերն ու միջազգային բազմակողմ մեքանիզմներու գործադրումը իրենց արդիւնքը պիտի տան երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ եւ ամբողջ շրջանին համար...

«Ֆրանսան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրէ`  Ղարաբաղեան Տագնապի Քաղաքական Լուծման Համար»  Կ՛ըսէ Լը Տըրիան

«Թուրքիոյ Դէմ Հաւանական Պատժամիջոցներու Հարցը Արդէն Սեղանին Վրայ Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան յայտարարած է, որ Թուրքիան Եւրոպայի հետ առճակատումով եւ Միջերկրական ծովուն մէջ իր գործողութիւններով «վտանգաւոր պարոյր» կը հիւսէ` աւելցնելով, որ թրքական կողմին դէմ հաւանական պատժամիջոցներու հարցը «արդէն սեղանին վրայ է»: Այս մասին կը գրէ յունական «Էքաթիմերինի» կայքը: «Պրիւքսելի մէջ դեկտեմբերին հանդիպում տեղի պիտի ունենայ: 27 անդամ պետութիւնները որոշած են, որ եթէ Թուրքիան չփոխէ իր...

«ՀԱՊԿ-ի Մէջ Աշխուժօրէն Կը Քննարկուի  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահութեան Հարցը»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

ՀԱՊԿ-ն Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմի Դադրեցման Մասին Յայտարարութեան Որդեգրումը

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադրեցման մասին յայտարարութեան որդեգրումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս: «Մենք դրական կը գնահատենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման փաստը: Ատիկա կարելի դարձաւ, 9 նոյեմբերին, Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կողմէ համապատասխան յայտարարութիւն ստորագրելէ ետք: Կ՛ողջունենք բոլոր...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են  Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ քննարկած է կացութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներու: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ երկրի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով բանակցութիւններ վարած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:

Փեսքով. «Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան  Չեն Մասնակցած Ղարաբաղի Հարցին Մէջ  Համաձայնութեան Հասնելու Հոլովոյթին»

Փեսքով. «Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Չեն Մասնակցած Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Համաձայնութեան Հասնելու Հոլովոյթին»

Միացեալ Նահանգները Եւ Ֆրանսան չեն մասնակցած Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ համաձայնութեան հասնելու հոլովոյթին. ասիկա եռակողմ համաձայնագիր է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Ատիկա եռակողմանի յայտարարութիւն է», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները մասնակցա՞ծ են համաձայնութեան հասնելու հոլովոյթին: Ան յայտնած...

Փութին. «Մեծ Գոհունակութեամբ Կ՛ուզեմ Նշել  Յառաջացած Փոխզիջման Եւ Ղարաբաղի Մէջ  Արիւնահեղութիւնը Դադրեցնելու Համար  Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Մասին»

Փութին. «Մեծ Գոհունակութեամբ Կ՛ուզեմ Նշել Յառաջացած Փոխզիջման Եւ Ղարաբաղի Մէջ Արիւնահեղութիւնը Դադրեցնելու Համար Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Մասին»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղած է աջակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար պայմաններ ստեղծելու իրենց ցուցաբերած վճռականութեան հարցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Ղարաբաղի մէջ, իսկապէս մեծ ողբերգութիւն է: Մեծ գոհունակութեամբ կ՛ուզեմ նշել յառաջացած փոխզիջման եւ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին: Յոյսով եմ,...

Իրան Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Կրակոցի Դադրեցումը

Իրան Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրակոցի Դադրեցումը

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադրեցման մասին յայտարարութեան առիթով: Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուհանի այս մասին յայտնած է Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին: «Ըլլալով թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դրացին եւ հաշուի առնելով շրջանի ժողովուրդներուն հետ մեր բազմաթիւ պատմական ընդհանրութիւնները` Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ երկու...

Ռուսիա Յոյս Ունի, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ  Համաձայնագիրը Ստորագրած Բոլոր Կողմերը  Զայն Կեանքի Պիտի Կոչեն

Ռուսիա Յոյս Ունի, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Համաձայնագիրը Ստորագրած Բոլոր Կողմերը Զայն Կեանքի Պիտի Կոչեն

Մոսկուա կը կարծէ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ ստորագրուած` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին համաձայնագիրի կեանքի կոչման պէտք է հետեւին փաստաթուղթը ստորագրած բոլոր կողմերը: Այս մասին ՌԹՎԻ պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Փաստաթուղթը ունի յայտարարութեան կարգավիճակ: Մենք կը մեկնինք...

Էլիզէի Պալատէն Աֆփ-ին Հասած Տեղեկութիւններուն Համաձայն.  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարը Կրնայ 9 Հոկտեմբերի Գիշերը Կամ Այսօր Առաւօտեան Հաստատուիլ

«Որեւէ Տեւական Համաձայնութիւն Պէտք Է Հաշուի Առնէ Հայաստանի Շահերը» Կ՛ըսէ Ֆրանսա

Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը 10 նոյեմբերին յայտարարած է, որ կ՛ուսումնասիրէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ զինադադարի դրութեան մանրամասնութիւնները` նշելով, որ որեւէ տեւական համաձայնութիւն պէտք է հաշուի առնէ Հայաստանի շահերը: Այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Էլիզէի պալատը յայտարարութեան մէջ կը նշէ նաեւ, որ Թուրքիան պէտք է դադրեցնէ շրջանին մէջ իր սադրանքները եւ հրաժարի որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ սպառնալիքի տակ դնել ապագայ համաձայնութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Դադրեցումը

Եւրոպական Միութիւնը ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթեր Սթանոյի համաձայն, Պրիւքսելի մէջ այժմ կը քննարկեն համաձայնութիւններու հետեւանքները: «Ի գիտութիւն ընդունած ենք Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ համաձայնագիրի մասին հաղորդագրութիւնները: Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը: Անոնց մեկնարկէն ի...

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման Մասին`  «Կովկասի Մէջ Նոր Դարաշրջան Կը Սկսի»  Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախագահը

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման Մասին` «Կովկասի Մէջ Նոր Դարաշրջան Կը Սկսի» Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախագահը

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման համար ձեռք բերուած համաձայնութեան, նշած է, որ Կովկասի մէջ նոր դարաշրջան կը սկսի: Զուրապիշվիլի այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Կովկասի մէջ նոր դարաշրջան կը սկսի: Ես կը շնորհաւորեմ մեր բարեկամները` Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը, ողբերգական պատերազմը դադրեցնելու համար», նշած է ան եւ շնորհակալութիւն յայտնած բոլոր անոնց, որոնք ատոր նպաստած...

Page 407 of 883 1 … 406 407 408 … 883

Արխիւներ