Թուրքիոյ հետեւողական դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուժային բեմագրութեան հարցին մէջ չի համընկներ Ռուսիոյ դիրքորոշումին: Այս մասին «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուժային բեմագրութեան հաւանութիւն տալու հետեւողական դիրքորոշում ունեցած է: «Այս հարցին մէջ մենք լրջօրէն համակարծիք չէինք եւ համակարծիք չենք մեր թուրք գործընկերներուն հետ: Սակայն ասիկա մեզի չի խանգարեր շարունակել սերտ համագործակցութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ, ներառեալ բարձրագոյնը», ընդգծած է Քրեմլինի բանբերը:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ձեռք բերուած վերջին եռակողմ համաձայնութիւններուն` Փեսքով նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի լուծման բանաձեւ մը, որ տակաւին քանի մը տարի առաջ ընդունիլը պիտի արտօնէր խուսափիլ արիւնահեղութենէն:
Անոր համաձայն, շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններու ծաւալման նախորդած են «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ նախ եւ առաջ Ռուսիոյ կողմէ լուծման որոշակի բանաձեւեր առաջարկելու տարիներու փորձերը»:
«Այդ բանաձեւերը գոյութիւն ունին, անոնք քաջ յայտնի են միջազգային բանակցային հոլովոյթի մասնակիցներուն, սակայն, ցաւօք, անոնք այս կամ այն պատճառով չեն գործած», նշած է Փեսքով` աւելցնելով, որ նոյնիսկ երկու տարի առաջ անոնց ընդունումը պիտի արտօնէր խուսափիլ նման հետեւանքներէ:
«Եթէ անոնք կեանքի կոչուէին թէկուզ երկու տարի առաջ, ապա, հաւանաբար, այս արիւնալի պատերազմը չէր ըլլար, եւ կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ հազարաւոր երիտասարդ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու մահէն», աւելցուցած է ան:
Խօսելով համաձայնութեան գոյացման մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերին մասին` Փեսքով յայտնած է. «Դերը առանցքային էր: Ստորագրութեան նախորդած է բազմաթիւ օրերու լարուած, երբեմն գրեթէ ամբողջ օրուան վրայ տեւած աշխատանք: Ատիկա նախագահ Փութինի աշխատանքն էր», ըսած է Փեսքով:
Անոր համաձայն, Ռուսիոյ ղեկավարը «անընդհատ կապի մէջ էր» Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
«Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, ատիկա մէկ օր չէ տեւած», աւելցուցած է Փեսքով:
Պատասխանելով այն նշումին, թէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ էական աջակցութիւն չէ ցուցաբերած Հայաստանին, եւ հայերուն մէկ մասը Ռուսիոյ այդ դիրքորոշումը դաւաճանութիւն կ՛որակէ, Փեսքով ըսած է. «Կշտամբանքները Ռուսիոյ հասցէին բացարձակապէս անհիմն են»:
Ըստ անոր, անշուշտ Ռուսիան բարեկամն է թէ՛ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, թէ՛ ալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Փեսքով ընդգծած է, որ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները գնահատելը արտօնած է Ռուսիոյ անկողմնակալ միջնորդի դեր կատարել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի լուծման հարցին մէջ:
«Մեզի համար սուղ է մեր ընկերութիւնը, պատմական ընկերութիւնը Ազրպէյճանի ժողովուրդին եւ Հայաստանի ժողովուրդին հետ: Միայն նման մօտեցումը արտօնած է Ռուսիոյ անկողմնակալ միջնորդի դեր խաղալ», նշած է ան:
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը Քարվաճառի շրջանի յանձնումին վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան ըսած է. «Այս շրջանի փոխանցումը նախատեսուած է Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած միացեալ յայտարարութեամբ: Ատիկա հայկական կողմի ստանձնած պարտաւորութիւնն է: Ինչ կը վերաբերի այս հոլովոյթին ռուս խաղաղապահներու անմիջական մասնակցութեան, ես չեմ կրնար ձեզի պատասխանել: Աւելի լաւ է այդպիսի հարցումները ուղղել հրամանատարութեան, երբ ատիկա կը վերաբերի այնտեղ գործող մեր խաղաղապահներու նման օգտագործման մանրամասնութիւններուն»: