Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 12 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնական կայքը:
Մաքրոն պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի` տագնապի բոլոր կողմերուն համար ընդունելի երկարաժամկէտ եւ արդար լուծման հասնելուն:
Մաքրոն գոհունակութիւն յայտնած է զինուորական գործողութիւններու դադրեցման առնչութեամբ, յիշեցուցած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ իր ունեցած բարեկամութեան մասին:



