Պաքու համաձայն գտնուած է մինչեւ 25 նոյեմբեր երկարաձգելու Քարվաճառէն հայկական զօրքերու եւ բնակչութեան դուրս բերման հոլովոյթի համար ճշդուած ժամկէտը:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային զինուորական համագործակցութեան վարչութեան ղեկավար Հիւսէյն Մահմուտովի համաձայն, հայկական կողմի խնդրանքը Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու զրոյցի ժամանակ յայտնուած է ազրպէյճանական կողմին:
Քարվաճառի շրջանէն մէկ ճամբայ կը գործէ` Քարվաճառ-Սոթք-Վարդենիս ճամբան, որ դժուարանցանելի է, իսկ եղանակային պայմանները կը վատանան:
Մահմուտով յայտնած է, որ ազրպէյճանցի զինուորները պատրաստ են Քարվաճառի շրջանին մէջ տեղակայուելու:
Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ յայտարարութեան համաձայն, Երեւան մինչեւ 15 նոյեմբեր պէտք էր յանձնէր Քարվաճառը: