Երէկ ազրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:
«Նախագահներ Փութինի եւ Ալիեւի հաղորդակցութիւններուն զուգահեռ նախարարները մանրակրկիտ կերպով քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարին վերաբերեալ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ 9 նոյեմբերին կատարած միացեալ յայտարարութեան գործադրման ընթացքը: Առանձին ուշադրութիւն դարձուած է կողմերուն միջեւ գործնական քայլերու համակարգման` Ռուսիոյ զինեալ ուժերու խաղաղապահներու խումբի տեղակայման եւ «տեղւոյն վրայ» անոնց աշխատանքի կազմակերպման ծիրին մէջ», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ ազրպէյճանցի նախարար Ճէյհուն Պայրամովի խնդրանքով Լաւրով տեղեկացուցած է Ռուսիոյ նախագահի` «Մարդասիրական հարցերով արձագանգման միջնախարարական կեդրոնի ստեղծման մասին» հրամանագիրի իրագործման ուղղուած հիմնական աշխատանքներու մասին:
«Նախարարները հաստատած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ` ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը, ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, աշխուժ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը` յետհակամարտային վերականգնման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման, շրջանին մէջ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման աջակցելու նպատակով», աւելցուցած են նախարարութենէն: