Միջազգային

Ֆիտան. «Եթէ Լոնտոնը, Փարիզը, Պերլինն Ու Անգարան Միասին Գործեն, Ստիպուած Չենք Ըլլար Դէպի Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան Կամ Ռուսիա Թեքուելու»

Ֆիտան. «Եթէ Լոնտոնը, Փարիզը, Պերլինն Ու Անգարան Միասին Գործեն, Ստիպուած Չենք Ըլլար Դէպի Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան Կամ Ռուսիա Թեքուելու»

«Եթէ Լոնտոնը, Փարիզը, Պերլինն ու Անգարան միասին գործեն, ստիպուած չենք ըլլար դէպի Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան կամ Ռուսիա թեքուելու: Մենք կրնանք ստեղծել մեր սեփական ուժի կեդրոնը», այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: Ան զգուշացուցած է, որ Եւրոպայի համար ամերիկեան «անվտանգութեան հովանոց»-ը չի կրնար մնայուն նկատուիլ: «Ուաշինկթընէն կախեալութիւնը ռիսքեր կը պարունակէ,...

Մերց. «Ուքրանիոյ` 1 Յունուար 2027-ին Եւրոպական Միութեան Միանալու Մասին Խօսք Իսկ Չի Կրնար Ըլլալ»

Մերց. «Ուքրանիոյ` 1 Յունուար 2027-ին Եւրոպական Միութեան Միանալու Մասին Խօսք Իսկ Չի Կրնար Ըլլալ»

Ուքրանիոյ` 1 յունուար 2027-ին Եւրոպական Միութեան միանալու մասին խօսք իսկ չի կրնար ըլլալ: Այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց: «Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բոլոր թեկնածուները, ներառեալ Ուքրանիան, որոնք կ՛ուզեն ապագային միանալ, պէտք է համապատասխանեն չափանիշերուն: Հոլովոյթը սովորաբար կը տեւէ քանի մը տարի: Եւրոպական Միութեան միանալը երկարատեւ հոլովոյթ է: Աստիճանական համարկումը միշտ կարելի է, սակայն նման արագ անդամակցութիւնը գործնականին մէջ...

Սիպիկա. «Ուքրանիան Եւ Ռուսիան Անջատաբար Ուաշինկթընի Հետ Պիտի Ստորագրեն 20 Կէտէ Բաղկացած Խաղաղութեան Ծրագիրը. Եւրոպական Միութեան Երկիրները Զայն Պիտի Չստորագրեն»

Սիպիկա. «Ուքրանիան Եւ Ռուսիան Անջատաբար Ուաշինկթընի Հետ Պիտի Ստորագրեն 20 Կէտէ Բաղկացած Խաղաղութեան Ծրագիրը. Եւրոպական Միութեան Երկիրները Զայն Պիտի Չստորագրեն»

Ուքրանիան եւ Ռուսիան անջատաբար Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի ստորագրեն 20 կէտերէ բաղկարած խաղաղութեան ծրագիրը. Եւրոպական Միութեան երկիրները զայն պիտի չստորագրեն: Այս մասին «Եւրոպական փրաւտա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկա: Ան չէ բացառած, որ պայմանները կրնան փոխուիլ, սակայն այս պահուս կը քննարկուի ինքնին այս կառուցուածքը: «Եթէ խօսքը բացառապէս այս 20 կէտնոց շրջանակի մասին է, ապա...

Թրամփ. «Նուրի Մալիքիի Ընտրութեան Պարագային Ամերիկան Իրաքին Օժանդակութիւն Պիտի Չտրամադրէ»

Թրամփ. «Նուրի Մալիքիի Ընտրութեան Պարագային Ամերիկան Իրաքին Օժանդակութիւն Պիտի Չտրամադրէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ եթէ Նուրի Մալիքին Իրաքի վարչապետ ընտրուի, Միացեալ Նահանգները Իրաքին օգնութիւն պիտի չտրամադրեն: Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Անոր քաղաքականութեան եւ խենթ գաղափարախօսութեան պատճառով, եթէ ան ընտրուի, Միացեալ Նահանգները ապագային Իրաքին որեւէ օգնութիւն պիտի չտրամադրեն»: «Վերջին անգամ, երբ Մալիքին իշխանութեան վրայ էր, երկիրը դէպի աղքատացում եւ համատարած քաոս անկում կրեց:...

Ամերիկեան Իշխանութիւնները Սկսած Են Վենեզուելական Գումարները Ապասառեցնել

Ամերիկեան Իշխանութիւնները Սկսած Են Վենեզուելական Գումարները Ապասառեցնել

Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ սկսած են ապասառեցնել պատժամիջոցներուն պատճառով սառեցուած վենեզուելական գումարները: Ռոտրիկեզ, որ նախագահի պաշտօնակատարի պաշտօնը ստանձնեց նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ամերիկեան ուժերու կողմէ ձերբակալումէն ետք,  պատկերասփիւռէն յայտնեց. «Մենք սկսած ենք վերացնել սառեցումը Վենեզուելայի հաշիւներուն, որոնք վենեզուելացի ժողովուրդի սեփականութիւնն են»: «Պիտի կարենանք այդ մեծ հաշիւները ներդրել հիւանդանոցերու սարքաւորման համար: Անոնք սարքաւորումներ են, զորս կը գնենք...

Շարհ-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Շարհ-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Սուրիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ անոր հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ փոխանցման փուլի զարգացումները, անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան հորիզոնները, ի շահ շրջանային ու միջազգային կայունութեան: Ըստ Սուրիոյ նախագահական պալատին, Թրամփ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը յայտնած է միացեալ եւ հզօր պետութեան կառուցման սուրիացի ժողովուրդի ձգտումին: Սպիտակ...

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ Իրանի դէմ զինուորական գործողութենէ խուսափիլ` նշելով, որ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան մը շուրջ դարձեալ բանակցութիւններ վարելը չէ բացառած: «Առաջին նստաշրջանիս բանակը կառուցեցի, եւ այժմ ունինք խումբ մը մարտանաւեր, որոնք կ՛ուղղուին վայր մը, որ Իրան կը կոչուի, եւ կը յուսամ զանոնք օգտագործելու չենք ստիպուիր», ըսաւ Թրամփ: Անդրադառնալով Թեհրանի հետ հաւանական բանակցութիւններուն`...

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու, պայմանով, որ անիկա հիմնուած ըլլայ արդարութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ` շեշտելով, որ որեւէ բանակցութիւն պէտք է այդ երկու սկզբունքներուն վրայ հիմնուած ըլլայ: Ան նշեց, որ Թուրքիան միշտ ալ Իրանի պետութեան ու ժողովուրդին կողքին կանգնած է: Արաղչի քննադատեց Իսրայէլը` յայտնելով, որ ան կը հետեւի դաւադրութեան տեսութիւններու`...

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Սուրիոյ կառավարութիւնը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հետ համապարփակ զինադադարի համաձայնութեան եւ աստիճանական համարկման գործողութեան շուրջ փոխհասկացողութեան գոյացումը յայտարարեց: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց կարգին յայտարարեցին, թէ գոյացած համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ զինադադարը եւ երկու կողմերուն միջեւ հաստատութիւններու, զինուորական, ապահովական ուժերու եւ վարչական կառոյցներու աստիճանական համարկումի հոլովոյթի մը սկիզբը: Անոնք աւելցուցին, որ համաձայնութիւնը կը ներառէ զինուորական ուժերու հեռացում շփման գիծերէն եւ ներքին գործոց նախարարութեան ապահովական...

Քալիպաֆ. «Պատրաստ Ենք Միացեալ Նահանգներու Հետ  Բանակցելու, Եթէ Բանակցութիւնները  Անկեղծ Ու Իսկական Ըլլան»

Քալիպաֆ. «Պատրաստ Ենք Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցելու, Եթէ Բանակցութիւնները Անկեղծ Ու Իսկական Ըլլան»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու, եթէ բանակցութիւնները անկեղծ եւ իսկական ըլլան»: Քալիպաֆ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Յարձակումի ենթարկուելու պարագային Իրան պիտի հակադարձէ, եւ ամերիկացի հազարաւոր զինուորներ պիտի վտանգուին»: «Հակառակ բանակցութիւններուն նկատմամբ դրական տրամադրուած ըլլալուն, Թեհրան չի կարծեր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ձգտածը այսպիսի երկխօսութիւն է: Ան միայն կ՛ուզէ իր...

Ռուպիօ. «Իրանի Վրայ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ»

Ռուպիօ. «Իրանի Վրայ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ընթացքին ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Իրանի դէմ կրկին հնչած զինուորական գործողութիւններու սպառնալիքներուն յայտարարեց, թէ ներկայիս Իրանի վրայ յարձակումի որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի: Ռուպիօ ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներկայութեան ուժեղացման նպատակը «մեր անձնակազմին նկատմամբ Իրանի հաւանական սպառնալիքներէն պաշտպանուիլն է»: Թեհրանի կառավարութեան փոփոխութեան...

Էրտողան Թրամփին Առաջարկած Է Իրանի Հարցով  Եռակողմ Վեհաժողով Գումարել

Էրտողան Թրամփին Առաջարկած Է Իրանի Հարցով Եռակողմ Վեհաժողով Գումարել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին առաջարկած է Իրանի հարցով եռակողմ վեհաժողով գումարել: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: Օրաթերթին տուեալներով, Էրտողան առաջարկը կատարած է 27 յունուարին` Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Թուրքիոյ ղեկավարը կոչ ուղղած է` Միացեալ Նահանգներու, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վեհաժողով կատարելու` հաւանաբար առցանց ժողովի տարբերակով: «Ըստ տեղեկութիւններու, Թրամփ դրական կը վերաբերի...

Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան Նախիջեւանի Մէջ  Երկաթուղային Նախագիծի Իրագործելիութեան  Ուսումնասիրութիւններու Սկսելու  Վերաբերեալ Համաձայնութիւն

Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան Նախիջեւանի Մէջ Երկաթուղային Նախագիծի Իրագործելիութեան Ուսումնասիրութիւններու Սկսելու Վերաբերեալ Համաձայնութիւն

Եւրոպական Միութիւնն ու Ազրպէյճանը երէկ համաձայնած են ամրապնդելու իրենց գործընկերութիւնը Եւրոպական Միութեան «Կլոպըլ Կէյթ» նախաձեռնութեան եւ վերջերս սկսած Միջշրջանային կապերու ծրագիրի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Ըստ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, կողմերը նպատակ ունին միասնաբար բացայայտել նոր տնտեսական կարելիութիւններ` փոխադրամիջոցի, թուային ճարտարագիտութիւններու, ուժանիւթի եւ առեւտուրի ոլորտներուն մէջ կայուն ու դիմացկուն կապերու միջոցով, ինչպէս նաեւ...

Միացեալ Նահանգներու, Կրինլանտի Եւ Դանիոյ  Միջեւ Բանակցութիւնները Սկսած Են

Միացեալ Նահանգներու, Կրինլանտի Եւ Դանիոյ Միջեւ Բանակցութիւնները Սկսած Են

Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու, Կրինլանտի եւ Դանիոյ միջեւ բանակցութիւնները սկսած են: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ Դանիոյ, Կրինլանտի եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարները հանդիպած են` «քննարկելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք լուծել Հիւսիսային բեւեռի մէջ անվտանգութեան վերաբերեալ ամերիկեան մտահոգութիւնները` յարգելով թագաւորութեան կարմիր գիծերը»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նախապէս յայտարարած էր, թէ...

Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ  Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան  Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հսկայ «Արմատա» մը արագօրէն դէպի Իրան կ՛ուղղուի` աւելցնելով, որ անիկա Վենեզուելա ուղարկուածէն մեծ է: Ան զգուշացուց, որ նաւատորմիղը պատրաստ է իր առաքելութիւնը կատարելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային ուժ կիրարկելու: «Յուսանք, որ Իրան շուտով բանակցութեան սեղան կու գայ նստելու եւ բանակցելու արդար ու անաչառ համաձայնութիւն մը` առանց հիւլէական զէնքերու: Համաձայնութիւն մը, որ լաւ է բոլոր...

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Արաղչի. «Անցնող Օրերուն Ուիթքոֆի Հետ Չհաղորդակցեցայ Եւ Բանակցութիւններ Չխնդրեցի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Անցնող օրերուն ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ չհաղորդակցեցայ եւ բանակցութիւններ չխնդրեցի»: «Իրան կապի մէջ է միջնորդ պետութիւններուն հետ, որոնք խորհրդակցութիւններ կը կատարեն», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ամանի իր կարգին յայտնեց. «Ներկայիս Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ չկան, սակայն պատգամներու փոխանակում կայ»` աւելցնելով. «Նոյնիսկ եթէ Ուաշինկթընի հետ բանակցութեան սեղան նստինք,...

«Իրանը Հարուածելու Համար Օգտագործուող  Որեւէ Մերձակայ Երկիր Թշնամական Պիտի Նկատուի»  Կ՛ըսէ Յեղափոխական Պահակագունդը

«Իրանը Հարուածելու Համար Օգտագործուող Որեւէ Մերձակայ Երկիր Թշնամական Պիտի Նկատուի» Կ՛ըսէ Յեղափոխական Պահակագունդը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը զգուշացուց, թէ մերձակայ երկիրները թշնամական պիտի նկատուին, եթէ Իրանի վրայ յարձակում շղթայազերծելու համար օգտագործուին: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հրամանատարի քաղաքական օգնական Մոհամետ Աքպարզատէ յայտնեց. «Մերձակայ պետութիւնները մեզի բարեկամ են, սակայն, եթէ անոնց հողերը, օդային կամ ջրային տարածքը Իրանի դէմ օգտագործուին, թշնամական պետութիւններ պիտի նկատուին»:

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Են  Ուժ Կիրարկելու` Վենեզուելայի Իշխանութիւններուն Հետ  Առաւելագոյն Համագործակցութիւն Ապահովելու Համար»

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Են Ուժ Կիրարկելու` Վենեզուելայի Իշխանութիւններուն Հետ Առաւելագոյն Համագործակցութիւն Ապահովելու Համար»

Մենք պատրաստ ենք ուժ կիրարկելու` Վենեզուելայի իշխանութիւններուն հետ առաւելագոյն համագործակցութիւն ապահովելու համար, եթէ այլ գործելաոճերը անարդիւնաւէտ ըլլան: Յոյսով ենք, որ ատիկա անհրաժեշտ պիտի չըլլայ, սակայն մենք երբեք պիտի չհրաժարինք ամերիկացի ժողովուրդին առջեւ մեր պարտականութենէն եւ այս կիսագունդին վրայ մեր առաքելութենէն: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ...

Ֆիտան. «Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելը Սխալ Է,  Որովհետեւ Անիկա Պատրաստ Է Իր Հիւլէական  Թղթածրարին Շուրջ Անգամ Մը Եւս Բանակցելու»

Ֆիտան. «Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելը Սխալ Է, Որովհետեւ Անիկա Պատրաստ Է Իր Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Անգամ Մը Եւս Բանակցելու»

Իրանի վրայ յարձակում գործելը սխալ է, որովհետեւ անիկա պատրաստ է իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ անգամ մը եւս բանակցելու: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: «Ամերիկացի ընկերներուն խորհուրդս է` իրանցիներուն հետ փաստաթուղթերը մէկ առ մէկ փակեցէ՛ք: Սկսեցէ՛ք հիւլէականէն, զայն փակեցէ՛ք եւ զայն իբրեւ ծրար մի՛ բանաք: Եթէ անոնք ծրարով դնէք,...

Փեզեշքիանի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  «Թագաւորութիւնը Իր Օդային Տարածքն Ու Հողերը  Իրանի Դէմ Որեւէ Զինուորական Գործողութեան Մէջ  Օգտագործելը Պիտի Չարտօնէ»  Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

Փեզեշքիանի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Թագաւորութիւնը Իր Օդային Տարածքն Ու Հողերը Իրանի Դէմ Որեւէ Զինուորական Գործողութեան Մէջ Օգտագործելը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

Սէուտական Արաբիոյ պետական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երեքշաբթի օր հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ եւ վարչապետ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին: Իրանի նախագահը ներկայացուցած է իր երկրին մէջ կացութեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ իրանեան կառավարութեան ջանքերը: Ան նաեւ անդրադարձած է հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն վերջին նորութիւններուն: Պըն Սալման իշխանը իր կարգին վերահաստատած է Իրանի...

Page 40 of 882 1 … 39 40 41 … 882

Արխիւներ