«Եթէ Լոնտոնը, Փարիզը, Պերլինն ու Անգարան միասին գործեն, ստիպուած չենք ըլլար դէպի Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան կամ Ռուսիա թեքուելու: Մենք կրնանք ստեղծել մեր սեփական ուժի կեդրոնը», այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
Ան զգուշացուցած է, որ Եւրոպայի համար ամերիկեան «անվտանգութեան հովանոց»-ը չի կրնար մնայուն նկատուիլ:
«Ուաշինկթընէն կախեալութիւնը ռիսքեր կը պարունակէ, եւ անկախ քաղաքական ու անվտանգութեան միջուկի ձեւաւորումը Եւրոպային ու Թուրքիոյ պիտի արտօնէ համաշխարհային բեւեռացման տրամաբանութենէն դուրս գործել», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:


