Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու, Կրինլանտի եւ Դանիոյ միջեւ բանակցութիւնները սկսած են:
Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ Դանիոյ, Կրինլանտի եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարները հանդիպած են` «քննարկելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք լուծել Հիւսիսային բեւեռի մէջ անվտանգութեան վերաբերեալ ամերիկեան մտահոգութիւնները` յարգելով թագաւորութեան կարմիր գիծերը»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նախապէս յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ այժմ գործընթաց ունին Կրինլանտի վերաբերեալ, եւ այս հարցին շուրջ թեքնիք մակարդակի հանդիպումներ պիտի ըլլան Կրինլանտի եւ Դանիոյ պաշտօնատարներու հետ:
Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսեն յայտարարեց. «Ես պիտի պայքարիմ Դանիոյ եւ Կրինլանտի համար, եւ ես պիտի պայքարիմ Եւրոպայի համար: Եւրոպայի անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքը Ռուսիան է»:


