Միջազգային

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Իրանի Հետ Հիւլէական Բանակցութիւններու Ծրագիրները Տապալեցան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իրանի Հետ Հիւլէական Բանակցութիւններու Ծրագիրները Տապալեցան

Աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, թէ իրանցիները ետդարձ կը կատարեն շարք մը պետութիւններ բանակցութիւններուն մասնակցելու հրաւիրուելէն ետք վերջին օրերուն գոյացած փոխհասկացողութիւններէն եւ կ՛ուզեն բանակցութիւնները Պոլիսէն Մասքաթ տեղափոխել: Ամերիկեան կայքը նշեց, որ իրանցիները այժմ կ՛ուզեն բանակցութիւններ վարել երկկողմանի ձեւաչափով` միայն Միացեալ Նահանգներու ներկայութեամբ, առանց արաբական եւ իսլամական պետութիւններու դիտորդի կարգավիճակով մասնակցութեան: Ըստ աղբիւրներուն, պատճառը այն է, որ Թեհրան կ՛ուզէ «բանակցութիւնները սահմանափակել հիւլէական...

Էրտողան. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Շրջանի Խաղաղութեան, Կայունութեան Ու Բարգաւաճման Համար Ռազմավարական Մեծ Կարեւորութիւն Ունին»

Էրտողան. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Շրջանի Խաղաղութեան, Կայունութեան Ու Բարգաւաճման Համար Ռազմավարական Մեծ Կարեւորութիւն Ունին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդութիւն կատարելու` երկու կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար` զգուշացնելով որեւէ քայլէ, որ կրնայ պատերազմ ծագեցնել: Էրտողան, որ Սէուտական Արաբիա կ՛այցելէր, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ռիատի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները շրջանի խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման համար ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունին»: Էրտողան կոչ ուղղեց` տագնապները կանխարգիլելու համար շրջանային ապահովական մեքանիզմ...

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Կայուն  Եւ Միացեալ Սուրիոյ Կը Զօրակցի»

Սպիտակ Տուն. «Թեհրանի Հետ Բանակցութիւնները Տակաւին Օրակարգի Վրայ Են»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ ամերիկեան բանակին Արաբական ծովուն վերեւ իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը վնասազերծումէն ետք նշեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ սպասուող բանակցութիւնները տակաւին օրակարգի վրայ են»: Լեւիթ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Որոշուած է, որ Ուիթքոֆ այս շաբթուան մէջ իրանցիներուն հետ բանակցութիւններ վարէ: Անոնք ներկայիս օրակարգի վրայ են, սակայն նախագահ Տանըլտ Թրամփը, բնականաբար, իր...

Թրամփ. «Այժմ Իրանի Հետ Կը Բանակցինք, Եւ Անոնք Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Թրամփ. «Այժմ Իրանի Հետ Կը Բանակցինք, Եւ Անոնք Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ներկայիս Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններ կ՛ընթանան: «Հարցը բանագնացներուն ձգեցէ՛ք: Իրանցիները կ՛ուզեն բանի մը հասնիլ, եւ տեսնենք, եթէ որեւէ բան ձեռք պիտի բերուի», աւելցուց Թրամփ: «Անոնց նախապէս առիթ ընծայուեցաւ համաձայնութեան հասնելու, սակայն չյաջողեցաւ: Օրին «Կէսգիշերուան մուրճ» գործողութիւնը կատարեցինք», ըսաւ ան: «Չեմ կարծեր, թէ կ՛ուզեն ատիկա անգամ մը եւս կրկնել, սակայն կ՛ուզեն բանակցիլ,...

Մաքրոն. «Եւրոպայի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պատրաստութիւնները Ընթացքի Մէջ Են»

Մաքրոն. «Եւրոպայի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պատրաստութիւնները Ընթացքի Մէջ Են»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները վերսկսելու պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ այդ ուղղութեամբ թեքնիք քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: «Այս առումով եւրոպացիներուն համար իրապէս կարեւոր է իրենց սեփական հաղորդակցութեան խողովակները ստեղծել: Եւ ատոր համար թեքնիք տեսակէտէ պատրաստութիւն տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան: «Երխօսութեան համար պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը:

Ըստ Արաբ Պաշտօնատարի Մը Եւ «Աքսիոս»-ի.  Ուաշինկթըն-Թեհրան Ժողովները Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Գումարուին Թուրքիոյ Մէջ

Ըստ Արաբ Պաշտօնատարի Մը Եւ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն-Թեհրան Ժողովները Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Գումարուին Թուրքիոյ Մէջ

Արաբ պաշտօնատար մը ԱՖՓ  լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ժողովները գումարուին 6 փետրուարին Թուրքիոյ մէջ»: Նախքան այդ, Թեհրան կոչ ուղղած էր` շարունակելու իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները, իսկ Ուաշինկթըն Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը զգուշացուցած էր համաձայնութիւն չգոյացնելու հետեւանքներէն: «Հաւանական է, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի բանագնացներու եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ ժողով մը գումարուի», նշեց պաշտօնատարը: «Հաւանական...

Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի Հարստացման Մակարդակը 60 Առ Հարիւրէն 20 Առ Հարիւրի Նուազեցնելու

Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի Հարստացման Մակարդակը 60 Առ Հարիւրէն 20 Առ Հարիւրի Նուազեցնելու

Իրան պատրաստ է իւրանիոմի հարստացման մակարդակը նուազեցնելու, սակայն ատոր համար պէտք պիտի ըլլայ վճարել: Այս մասին յայտարարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի: Անոր համաձայն, Թեհրանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իւրանիոմի հարստացման մակարդակը 60 առ հարիւրէն 20 առ հարիւրի նուազեցնելու: Ան նշած է նաեւ, որ ասիկա կը կատարուի ներքին պահանջները սպասարկելու համար միայն: Շամխանի նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու...

Մաքրոն Կը Պատրաստուի Փութինի Հետ Հաղորդակցելու

Մաքրոն Կը Պատրաստուի Փութինի Հետ Հաղորդակցելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ զրոյցի համար թեքնիք նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին, եւ այս հարցին շուրջ թեքնիք մակարդակով բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան», ըսած է ան լրագրողներուն: Մաքրոն նշած է, որ զուգահեռաբար այս հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններ կ՛ընթանան եւրոպացի գործընկերներու եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:...

Ռիապքով. «Ռուսիան Կրինլանտի Մէջ Ամերիկեան Գործողութիւններուն Պիտի Պատասխանէ Ռազմական-Արհեստագիտական Միջոցներով»

Ռիապքով. «Ռուսիան Կրինլանտի Մէջ Ամերիկեան Գործողութիւններուն Պիտի Պատասխանէ Ռազմական-Արհեստագիտական Միջոցներով»

Ռուսիան Կրինլանտի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն պիտի պատասխանէ ռազմական-արհեստագիտական միջոցներով: Այս մասին Չինաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: «Եթէ անոնք սկսին այս շրջանին մէջ իրականացնել իրենց «Ոսկիէ գմբէթ» հայեցակարգի տարրերը, ատիկա պիտի ըլլայ կացութիւն մը, որ ռազմական-արհեստագիտական փոխհատուցման քայլեր պիտի պահանջէ, եւ մեր մասնագէտները պատրաստ պիտի ըլլան ատոր», ըսած...

Պաղայի. «Իրանի Անվտանգութեան Որեւէ Սպառնալիք Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

Պաղայի. «Իրանի Անվտանգութեան Որեւէ Սպառնալիք Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղային յայտնեց. «Շրջանի պետութիւնները ամբողջովին կը գիտակցին, թէ Իրանի որեւէ սպառնալիք կամ անվտանգութեան չգոյութիւն ծանր ազդեցութիւններ ու հետեւանքներ պիտի ունենայ»: «Անցեալ շաբթուան ընթացքին դիւանագիտական կազմը լուրջ ու պատասխանատու աշխատանք տարաւ երաշխաւորելու համար իրանցի ժողովուրդի շահերը եւ պահպանելու համար շրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան, ինչպէս նաեւ...

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Հաւանական է, որ քանի մը օրէն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկ կատարուի»: «Բանակցութիւնները հաւանաբար պիտի կայանան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ, եւ տակաւին ժողովին վայրն ու ժամանակը չեն ճշդուած», նշեց լրատու գործակալութիւնը: Իրանի կառավարութենէն լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան հրամայեց Միացեալ...

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնեց Իրանի հետ գործարքի կնքման հասնիլ: Նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին զգուշացուց, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ որեւէ յարձակում շրջանային պատերազմի պիտի յանգեցնէ: Թրամփ պատասխանելով Խամենէիի զգուշացումին վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին յայտնեց. «Անշուշտ այդպէս պիտի ըսէ»: «Կը յուսանք համաձայնութեան հասնիլ: Եթէ համաձայնութիւն չգոյացնենք, այդ ատեն պիտի տեսնենք, թէ իրաւունք ունի՞, թէ՞...

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ապտելռահիմ Շմէյթլի յայտնեց, որ իր երկիրը լիովին պատրաստ է դիմակայման եւ վրիժառական ապտակով հակադարձելու: Ան նշեց, որ աշխարհը Իրանը այլ դէմքով պիտի տեսնէ, եւ ծովային պաշարումի մասին խօսողը պէտք է աշխարհագրութիւնը սերտէ: Մուսաուի աւելցուց, թէ որեւէ ամերիկացի ապահով պիտի չըլլայ, եւ շրջանի բոցերը Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները ներքին մակարդակի վրայ պիտի այրեն:  

Մոսկուայի Եւ Կարսի Պայմանագիրներուն Անունները Կը Վերցուին Նախիջեւանի Սահմանադրութենէն

Մոսկուայի Եւ Կարսի Պայմանագիրներուն Անունները Կը Վերցուին Նախիջեւանի Սահմանադրութենէն

Այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմանադրութեան նախաբանը կը փոխուի. Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներուն անուանումները կը վերցուին Նախիջեւանի սահմանադրութենէն: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ատիկա արտացոլուած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան «Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւնները հաստատելու մասին» սահմանադրական օրէնքի նախագիծին մէջ, որ երկրորդ ընթերցումով քննարկման դրուած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նիստին: Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան գործող սահմանադրութեան նախաբանին մէջ կը նշուի,...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին. «Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւններու Երկրորդ Փուլը Յետաձգուեցաւ 4 Եւ 5 Փետրուարին»

Ռուսիոյ նախագահական պալատը` Քրեմլինը յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ պատերազմին շուրջ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը յետաձգուած է 4 եւ 5 փետրուարին: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կիրակի օր յայտարարած էր, թէ «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն ելք մը գտնելու» Քիեւի, Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները չորեքշաբթի օր պիտի շարունակուին Ապու Տապիի մէջ: «Յառաջիկայ եռակողմ հանդիպումներուն թուական ճշդուեցաւ 4 եւ 5 փետրուարին Ապու Տապիի` Արաբական Միացեալ...

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրան «լրջօրէն կը խօսի» Միացեալ Նահանգներու հետ` ռազմական գործողութիւններու վերսկսման սպառնալիքներու եւ Մերձաւոր Արեւելքի լարուած շրջանին մէջ ամերիկեան նաւատորմի ներկայութեան խորապատկերին վրայ: «Մենք կը տեսնենք, թէ արդեօք կրնա՞նք բան մը ընել: Հակառակ պարագային տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ», ըսած է Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ին: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ կրնան նման բանակցութիւններ...

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ եռակողմ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան յաջորդ շաբաթ Ապու Տապիի մէջ, կիրակի օր յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: Բանակցութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցած է յունուարի վերջաւորութեան: Զելենսքի ըսած է, որ նոր բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 4 եւ 5 փետրուարին, եւ որ Ուքրանիան պատրաստ է «առարկայական քննարկման»:  

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

Իսրայէլ շաբաթ օր հասցուցած է ամէնէն ուժեղ հարուածներէն մէկը Կազային հոկտեմբերեան զինադադարէն ի վեր: Կայ աւելի քան 30 զոհ, յայտնած են պաղեստինեան առողջապահական համակարգի ներկայացուցիչները: Իսրայէլցի զինուորականները յայտարարած են, որ ատիկա պատասխան է մէկ օր առաջ տեղի ունեցած զինադադարի խախտման: Իսրայէլի բանակին համաձայն` յարձակման թիրախը եղած են հրամանատարները, զէնքի պահեստները եւ արտադրական տարածքները, որոնք կը պատկանին պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումին եւ...

Իրան Կը Յայտարարէ Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Բանակները «Ահաբեկչական Խումբեր» Դիտարկելու Համար

Իրան Կը Յայտարարէ Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Բանակները «Ահաբեկչական Խումբեր» Դիտարկելու Համար

Իրան «ահաբեկչական խմբաւորումներ» կը նկատէ Եւրոպական Միութեան երկիրներու բանակները, որոնք  յեղափոխական պահակագունդը ներառած են դաշինքի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ: Այդ մասին կիրակի օր յայտարարած է խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆը: Ան նշած է, որ եւրոպացիները հերթական անգամ որոշում տուած են, որ կը հակասէ իրենց ժողովուրդի շահերուն` «կուրօրէն հնազանդելով ամերիկացիներուն»: «Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու դէմ հակաքայլերու մասին օրէնքի 7-րդ յօդուածին...

Թեհրան Կը Զգուշացնէ Շրջանային Հակամարտութենէ, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Յարձակին Իրանի Վրայ

Թեհրան Կը Զգուշացնէ Շրջանային Հակամարտութենէ, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Յարձակին Իրանի Վրայ

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ յարձակին Իրանի վրայ, այդ քայլը պիտի վերածուի շրջանային հակամարտութեան: Այդ մասին կիրակի օր յայտնած են պետական լրատուամիջոցները` Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութեան սրման լոյսին տակ: Ան շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին սպառնալիքները չեն անհանգստացներ Իրանի ժողովուրդը: Ապա աւելցուցած է, որ Թեհրան չի ցանկար յարձակիլ որեւէ երկրի...

Page 39 of 882 1 … 38 39 40 … 882

Արխիւներ