Իրանի վրայ յարձակում գործելը սխալ է, որովհետեւ անիկա պատրաստ է իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ անգամ մը եւս բանակցելու: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
«Ամերիկացի ընկերներուն խորհուրդս է` իրանցիներուն հետ փաստաթուղթերը մէկ առ մէկ փակեցէ՛ք: Սկսեցէ՛ք հիւլէականէն, զայն փակեցէ՛ք եւ զայն իբրեւ ծրար մի՛ բանաք: Եթէ անոնք ծրարով դնէք, մեր իրանցի ընկերներուն համար դժուար պիտի ըլլայ զայն մարսել եւ յառաջ ընթանալ:
«Ատիկա կրնայ իրենց վարկաբեկիչ եւ ղեկավարութեան բացատրելու դժուար թուիլ: Եթէ կրնանք հարցերը աւելի հանդուրժելի դարձնել, ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ», նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:


