Ամերիկեան Բանակը Միջին Արեւելքի Մէջ Օրերու Վրայ Երկարող Օդուժի Ռազմափորձի Պիտի Ձեռնարկէ
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Միջին Արեւելքի մէջ օրերու վրայ երկարող օդուժի ռազմափորձի պիտի ձեռնարկէ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը: Հրամանատարութիւնը յայտնեց, թէ 9-րդ օդուժը, որ նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան` «Սենթքոմ»-ի մէջ ծանօթ է կեդրոնական օդուժ անունով, կը գործադրէ քանի մը օրուան վրայ երկարող ռազմափորձ մը կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան տարածքին մէջ մարտական օդային զօրութիւնը տեղակայելու,...




















