Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին առաջարկած է Իրանի հարցով եռակողմ վեհաժողով գումարել: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:
Օրաթերթին տուեալներով, Էրտողան առաջարկը կատարած է 27 յունուարին` Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Թուրքիոյ ղեկավարը կոչ ուղղած է` Միացեալ Նահանգներու, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վեհաժողով կատարելու` հաւանաբար առցանց ժողովի տարբերակով:
«Ըստ տեղեկութիւններու, Թրամփ դրական կը վերաբերի Էրտողանի առաջարկին», կը գրէ օրաթերթի լրագրող Հանտէ Ֆըրաթ:
«Հիւրրիեթ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա` իր գործընկեր Հաքան Ֆիտանի հետ բանակցութիւններ վարելու համար, հակառակ այն իրողութեան, որ տակաւին որոշակի թուականներ չեն յայտարարուած:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաղչի այսօր Թուրքիա պիտի այցելէ:


