Ռուսական «ՆՏՎ» պատկերասփիւռի կայանի «Կեդրոնական պատկերասփիւռ» հաղորդման լրագրողները, որոնք անցեալ շաբաթ ձերբակալուած էին Թուրքիոյ մէջ, վերադարձած են Ռուսիա: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ պատկերասփիւռի կայանի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Մեր գործընկերները` «Կեդրոնական պատկերասփիւռ» հաղորդման աշխատակիցներ Ալեքսէյ Փեթրուշքոն եւ Իվան Մալիշքինը արդէն Մոսկուայի մէջ են: Եկած են գիշերային թռիչքով: Անոնց հետ ամէն ինչ լաւ է: Օգնութեան համար շնորհակալ ենք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան, Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ ընդհանուր հիւպատոսարանին: Եւ, ի հարկէ, լրատուամիջոցներու մեր բոլոր գործընկերներուն, որոնք այս օրերուն կ՛աջակցէին մեզի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ «ՆՏՎ»-ի մամլոյ ծառայութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ «Կեդրոնական պատկերասփիւռի կայան» ծրագիրի աշխատակիցներ Ալեքսէյ Փեթրուշքոն եւ Իվան Մալիշքինը ձերբակալուած էին Թուրքիոյ մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի տեղեկութիւններով` «ՆՏՎ»-ի լրագրողները հաւատարմագրում չեն ունեցած եւ առանց արտօնութեան նկարահանումներ կատարած են այն շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի «Պայքար Սաւունմա» մարտական անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող ընկերութիւնը:
Հաւանական նկատուած էր, որ անոնց լրտեսութեան մեղադրանք առաջադրուի: