Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Վճարած Է Ռուսիոյ «Էս-400»-ի Մատակարարման Գինը

December 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան Ռուսիոյ վճարած է «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման համար ամբողջ գումարը, պարտքը փակուած է: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ այդ մասին հաղորդած է «Ռոսթեխ» պետական ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Չեմեզով:

«Մենք ամբողջութեամբ կատարած ենք պարտաւորագիրը, ատիկա փակուած է, իսկ սա կը նշանակէ, որ մենք բեռնառաքած ենք եւ ստացած բոլոր միջոցները», Չեմեզով յայտարարած է լրագրողներուն` պատասխանելով «Ինթըրֆաքս»-ի հարցումին:

Ան յայտարարած է, որ Անգարայի հետ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներ կան:

«Այդ պարտաւորագիրը բացառիկ էր, որովհետեւ իրականացուած է ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի հետ: Թուրք գործընկերներու հետ բանակցութիւններ կը վարենք նաեւ այլ սպառազինութեան շուրջ, հեռանկարներ կան», ըսած է Չեմեզով:

«Ռոսթեխ»-ի ղեկավարը յայտարարած է, որ Ռուսիան առաջուան պէս Անգարայէն որոշումներու կը սպասէ «Էս-400»-ի երկրորդ խումբի գնման վերաբերեալ:

«Այժմ գնդակը Թուրքիոյ կողմն է. որոշումներու կը սպասենք մեր գործընկերներէն: «Ռոսօպորոնէքսփորթ»-ը կը գտնուի թրքական կողմի հետ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ եւ կը քննարկէ հետագայ համագործակցութիւնը», ըսած է Չեմեզով:

«Մենք կը քննարկենք նաեւ բաղադրամասերու արտադրութեան կարելիութիւն, այն, ինչ որ կարելի է արտադրել անոնց մօտ: Չէ որ «Թրայըմֆ Էս-400»-ը բարդ սպառազինութիւն է: Ատոր արտադրութիւնը զերոյէն սկսիլը անիրական է», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ռուս Լրագրողներուն Հաւանաբար Լրտեսութեան Մեղադրանք Առաջադրուի

Յաջորդը

«Թուրքիան Կը Սպառնայ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Արաբական Աշխարհի Եւ Կովկասեան Շրջանի Կայունութեան» Կ՛ըսէ Տենտիաս

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.