Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Խաղաղապահներու Միջոցով Ամէն Ձեւով Պիտի Նպաստէ Պատերազմական Գերիներու Փոխանակման Կարեւորագոյն Խնդիրի Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Լուծման» Կ՛ըսէ Լաւրով

Դեկտեմբեր 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ բանակցութիւնները անցած են գործընկերային մթնոլորտի մէջ` ամբողջովին համապատասխան այն մթնոլորտին, որ կը տիրէ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ:

Լաւրով նշեց, որ նոյեմբերին Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին  քննարկուած է 9 նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան յաջորդած կացութիւնը, խօսուած է այն քայլերուն մասին, որոնք կը պահանջուին տագնապին լիարժէք լուծման համար, անդրադարձ կատարուած է հայ-ռուսական երկկողմանի կապերուն:

«Մենք միակամ ենք այն հարցին մէջ, որ 9 նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութիւնը բոլոր կարելիութիւնները կու տայ ղարաբաղեան տագնապը երկարաժամկէտ լուծման համար` արդարութեան հիմքի վրայ` յօգուտ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերուն, Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը կայունացնելու նպատակով: Զինադադարը արդէն կը պահպանուի գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր, կը շարունակուի տեղահանուածներու վերադարձը, կայ յառաջընթաց զոհերու մարմիններու, գերիներու փոխանակման հարցին մէջ, զոհուածներու մարմիններու, անհետ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն մէջ», ըսաւ Լաւրով եւ ընդգծեց, որ այս հարցերը հրատարակուած են, եւ այդ մասին արդէն խօսուած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կարծիքով` միջպետական ճամբաներու ապաշրջափակումը պիտի նպաստէ երկիրներու տնտեսական զարգացման: Լաւրով նաեւ խօսեցաւ մարդասիրական աջակցութեան ցուցաբերման կեդրոնի ստեղծման կարեւորութեան մասին` նշելով, որ այդ մտայղացումը նախագահ Վլատիմիր Փութինինն է, ան առաջարկած է այս կեդրոնը դարձնել միջազգային` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասնակցութեամբ: Այս պահուն կը քննարկուին գործնական որոշ հարցեր: Կեդրոնի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան ռուսական շարք մը նախարարութիւններ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր հայ պաշտօնակից Արա Այվազեանի հետ Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման շուրջ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնն ու ատոր ծիրին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կարելիութիւն կու տան տեղահանուածներուն եւ ներքին տեղահանուածներուն վերադառնալու իրենց տուները, համաձայնութիւններ կ՛ապահովեն տնտեսութեան վերականգնման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման եւ հեռահաղորդակցութեան միջոցներու ապաարգելափակման վերաբերեալ:

«Այսպիսով, մենք կրնանք պայմաններ ստեղծել Հարաւային Կովկասը հակասութիւններու շրջանէն կայունութեան եւ բարգաւաճման շրջանի վերածելու համար, ինչ որ այնտեղ ապրող բոլոր ազգերու շահերէն կը բխի: Մենք ամէն ձեւով պիտի աջակցինք այս ուղղութեան», ըսաւ Լաւրով:

Ան ընդգծեց, որ ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրենց պատասխանատուութեան տարածքին մէջ աշխուժ աշխատանք կը տանին խաղաղ կեանքի վերականգնման համար:

Անդրադառնալով պատերազմական գերիներու փոխանակման խնդիրին` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ այս կարեւորագոյն հարցով Ռուսիան խաղաղապահներուն միջոցով ամէն ձեւով պիտի նպաստէ ատոր` կարելի եղածին չափ արագ լուծման:

«Գիտենք, թէ ատիկա որքան սուր նիւթ է գերութեան մէջ գտնուողներու հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն համար», ըսաւ Լաւրով` ընդգծելով, որ դիակներու փոխանակման հարցը եւս շատ կարեւոր է:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիան հետաքրքրուած է, որ հայ ու ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատուին, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ, թէ՛ ալ միջպետական մակարդակով:

«Ասիկա պիտի նպաստէ շրջանին մէջ վստահութեան, գործընկերային մթնոլորտի ձեւաւորման` ի նպաստ այստեղ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն, այս շրջանին մէջ տեղակայուած բոլոր պետութիւններուն: Մենք վստահ ենք, որ տարբեր ազգերու, տարբեր հաւատքի ներկայացուցիչները պէտք է ապրին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մթնոլորտի մէջ, ո՛ւր որ ալ ըլլան: Հարաւային Կովկասը արժանի է նման վերաբերմունքի», ըսաւ Լաւրով եւ յայտարարեց, որ իրենք ամէն ձեւով պիտի աջակցին այս հոլովոյթին:

Հայ-ռուսական բանակցութիւններու ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու` խաղաղութեան ամրապնդման հարցին մէջ ունեցած դերակատարութեան:

 

Նախորդը

Փութին Եւ Մերքել Մանրամասնօրէն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Կացութիւնը

Յաջորդը

Միջերկրականի Մէջ Լուրջ Միջադէպ` Թրքական Եւ Եգիպտական Յածանաւերու Միջեւ

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?