Եւրոպական Միութիւնը յառաջիկայ վեհաժողովի ընթացքին կը պատրաստուի ո՛չ միայն կարճաժամկէտ, այլ նաեւ միջին ժամկէտի եւ երկարաժամկէտ պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ դէմ: Թրքական «Ահւալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի փոխնախագահ Մարկարիթիս Շինաս:
Անոր համաձայն, Անգարան կատարած է շատ սխալ քայլեր, որոնք անհետեւանք չեն կրնար մնալ:
«Թուրքիան ամէն ինչ սխալ կատարած է: Ան կատարած է կարելի ամէն բան, որպէսզի հակազդէ ո՛չ միայն Եւրոպային, այլ նաեւ բոլորին: Եւ ատոր համար պէտք է վճարել», ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը:
Շինաս յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ այս շաբաթ տեղի ունենալիք վեհաժողովի ընթացքին` նշելով, որ անոնք «պիտի ըլլան ոչ միայն կարճաժամկէտ, այլ նաեւ միջին ժամկէտով եւ երկարաժամկէտ», իսկ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վերատեսութեան պիտի ենթարկուին:
Նշենք, որ 11-12 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք վեհաժողովի ընթացքին Եւրոպական Միութեան ղեկավարները պիտի քննարկեն Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հարցը: