Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Աչք Չունինք Հայաստանի Հողերուն Վրայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

December 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Միջերկրածովեան համալսարանին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Միջազգային համալսարաններու խորհուրդի կազմակերպած Արեւելեան Միջերկրականի աշխատանոցը, որուն մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:

Ան անդրադարձած է շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ չլուծուած խնդիրներուն: Չաւուշօղլուի կարծիքով` շրջանային բոլոր խնդիրներուն հիմնական պատճառը կիսել չգիտնալն է եւ կիսելու փոխարէն ամբողջը վերցնելու փորձը:

«Նայեցէ՛ք Կովկասին: Կովկասի կայունութենէն եւ տնտեսական զարգացումէն օգտուելու փոխարէն, Հայաստանի պատճառով, որ կ՛ուզէր շարունակել Ազրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համակարգին պատճառով, որ կողմ չէր դիւանագիտական ճամբով լուծման, խնդիրը շարունակուեցաւ շուրջ երեսուն տարի», ըսած է ան:

Չաւուշօղլու, այնուհետեւ անդրադառնալով Թուրքիոյ «բազմաբեւեռ քաղաքականութեան եւ բոլոր ուղիներով խնդիրներու լուծման կարելիութիւններուն» ըսած է. «Այնպիսի ընկալում չունինք, թէ Լիպիոյ հարցին մէջ պատերազմի դաշտին եւ բանակցային սեղանին վրայ ուժեղ ենք, Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժեղ ենք եւ ամբողջը մենք կ՛ուզենք: Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք: Հիմա ալ կ՛ըսենք, որ այս լուծումը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի օգտին: Այդ իսկ պատճառով, մենք կողմ ենք արդար բաժանման: Մենք ուժեղ ենք թէ՛ բարոյապէս, եւ թէ՛ իրաւական առումով եւ մեր այդ ուժը յառաջիկայ հոլովոյթին մէջ պիտի շարունակենք կիրարկել յօգուտ բոլորին»:

 

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Յորդորեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հրաժարիլ Վարչապետի Լիազօրութիւններէն

Յաջորդը

Փութին Եւ Մերքել Մանրամասնօրէն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Կացութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.