Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ալ Մոնիթըր»-ի. Թուրքիան Իսրայէլի Մէջ Նոր Դեսպանի Միջոցով Պիտի Փորձէ Պայտընի Պաշտօնավարումէն Առաջ Կարգաւորել Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները

December 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան Իսրայէլի մէջ նոր դեսպան ընտրած է` Ճօ Պայտընի պաշտօնավարումէն առաջ փորձելով կարգաւորել Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները: Այս մասին «Ալ Մոնիթըր»-ին յայտնած են քանի մը բարձրաստիճան աղբիւրներ:

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ նոր դեսպանը` 40-ամեայ Ուֆուք Ուլութաշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահն է:

Թուրքիան եւ Իսրայէլը փոխադարձաբար դեսպաններ չունին մայիս 2018-էն` Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն վրայ յարձակումներու սրման եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի որոշումին լոյսին տակ:

«Հակառակ Էրտողանի որդեգրած դիրքորոշումին, Թուրքիան աւելի ու աւելի կը մեկուսանայ եւ տնտեսապէս կը յայտնուի ծանր կացութեան մէջ: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան վերահաս պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ, ան կը փորձէ կարգաւորել յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի եւ Եւրոպական Միութեան հետ, թէեւ կը շարունակէ ինքզինք նոյն ձեւով պահել` մեկուսացնել քննադատները, սիրախաղի մէջ մտնել Ռուսիոյ հետ եւ անօրինական գործողութիւններ կատարել արեւելեան միջերկրականեան շրջանին մէջ, ինչ որ կը զայրացնէ Արեւմուտքը», կը գրէ թերթը:

Անգարայի կարծիքով` Ուաշինկթընի հետ համաձայնութեան գալու միջոցներէն մէկը Իսրայէլի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալն է: Ինչպէս թերթը կը նշէ, յստակ չէ, թէ արդեօք Իսրայէլ դեսպան պիտի ուղարկէ՞ Անգարա:

«Ատիկա շատ քիչ հաւանական է քանի մը պատճառներով. նախ` Իսրայէլ զբաղած է Պարսից ծոցին մէջ իր նոր դաշնակիցներու, մասնաւորաբար` յարաբերութիւններու կարգաւորումով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ, որոնք թշնամական յարաբերութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ: Իսրայէլ չ՛ուզեր Ապու Տապիի հետ լարել յարաբերութիւնները», կը գրէ թերթը:

Վերջերս հաղորդուած էր, որ Թուրքիան գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ` երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար:

 

 

Նախորդը

Թել Աւիւի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը «Իսրայէլը Միջին Արեւելքը Աւելի Կ՛ապակայունացնէ, Քան Իրանը» Յայտարարութեան Համար Կանչուած Է Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Տարբեր Երկիրներէ 150 Գիտնականներ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Փրկութեան Հարցով Դիմած Են Ֆրանչիսկոս Պապին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.