Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Եւ Չինաստանը Սպառնալիք Են Ամերիկեան Տիեզերական Համակարգերուն Համար» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Ղեկավարը

December 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնն ու տնտեսութիւնը այժմ մեծապէս կախեալ են տիեզերական համակարգերու շահագործումէն, եւ երկիրը այս ոլորտին մէջ մարտահրաւէրներու կը բախի Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս դիրքորոշումը Ազգային տիեզերական խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆ:

«Մեր հակառակորդներուն գործողութիւնները մեզի համար աւելի լուրջ խնդիրներ կը ստեղծեն: Ամերիկեան կենսական շահերը աւելի ու աւելի սպառնալիքի տակ կը յայտնուին, որովհետեւ Չինաստանն ու Ռուսիան կը զարգացնեն եւ կը տեղակայեն զէնքեր, որոնք տիեզերքի մէջ կրնան սպառնալ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն», նշած է Ռեթքլիֆ:

«Չինաստանը տիեզերական գործողութիւններու մէջ մեծագոյն վտանգը կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան համար, որովհետեւ Չինաստանը մեր արբանեակները ոչնչացնելու միջոցներ կը մշակէ: Չինաստան նաեւ կը կառուցէ ցամաքային համակարգ, որ ուղղուած է մեր արբանեակներուն` ցած ուղեծիրերուն մէջ: Ռուսիան նոյնպէս նմանատիպ համակարգ ունի: Բացի ատկէ, Ռուսիան ունի ցամաքային լէյզըր, որ նախատեսուած է տիեզերքի մէջ մեր տեսողական համակարգերը կուրցնելու կամ վնասելու համար», աւելցուցած է հետախուզութեան տնօրէնը:

Բացի ատկէ, Ռեթքլիֆ Մոսկուան մեղադրած է «սադրիչ գործողութիւններու» համար` պնդելով. «Ռուսական արբանեակը վտանգաւոր խուսանաւումներ կատարած է ամերիկեան կառավարական արբանեակի մօտ: Մենք ատիկա սպառնալիք կը նկատենք, որովհետեւ ռուսերը նախապէս արձակած են նման արբանեակ, որ ցոյց կու տար մարտական համակարգի բնութագիրները բարձր արագութեամբ արկ արձակելու ընթացքին»:

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին Կոչը` Համայնքներու Ներկայացուցիչներու Վարկաբեկումը Անյապաղ Դադրեցնելու

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Պիտի Ընդլայնէ Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Ծիրը` Հետագային Ներառելով Նաեւ Ռուսիոյ Քաղաքացիները

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.