Թել Աւիւի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Վիքթորով իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ կատարած յայտարարութիւններէն ետք կանչուած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.Էմ.Էն.»¬ը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ նախարարութիւնը «քաղաքականութեան եւ ռազմավարութեան հարցերով պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալոն Պարի միջոցով հակադարձած է Վիքթորովի` անկեղծ հարցազրոյցի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն` նշելով, որ անոնք չեն համապատասխաներ Միջին Արեւելքի իրական իրավիճակին, որ մէկ անգամ չէ, որ ներկայացուած է դեսպանին եւ քաղաքական երկխօսութիւններու ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներուն միջեւ»:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպանին յայտնած են. «Կը կարծենք, որ շրջանային հարցերու, յատկապէս իրանեան սպառնալիքին եւ անոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, օրինակ` Հըզպալլայի վերաբերեալ քննարկումները պէտք է ընթանան դիւանագիտական ուղիներով, որպէսզի ներկայացուի իրականութիւնը եւ Իսրայէլի առջեւ ծառացած սպառնալիքները»:
Անոնք նաեւ նշած են, որ դեսպանը մտադիր է իր յայտարարութիւններուն վերաբերեալ բացատրութիւններ տալ:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Վիքթորով «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Իսրայէլ Միջին Արեւելքը աւելի կ՛ապակայունացնէ, քան Իրանը:



