Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը` յղում կատարելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը թոյլ տուած է քննարկել բազմաթիւ նիւթեր` առնչուած երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ վերջին շաբաթներու իրադարձութիւններէն ետք Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերաբերեալ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Այս առնչութեամբ Ֆրանսան եւ Եւրոպական Միութիւնը Անգարայէն բացատրութիւն կը սպասեն, ինչ որ անհրաժեշտ պայման է կառուցողական յարաբերութիւններու վերականգնման համար: