Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանին Մէջ Կ՛ապաշրջափակուին Բոլոր Տնտեսական Փոխադրամիջոցային Ուղիները» Կ՛ըսէ Զախարովա

December 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ճամբաներու ապաշրջափակման հարցին:

«Երեք երկիրներու ղեկավարներու` 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին համաձայն, իսկապէս շրջանին մէջ կ՛ապաշրջափակուին բոլոր տնտեսական փոխադրամիջոցային ճամբաները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը` երկու ուղղութիւններով փոխադրութեան միջոցներու երթեւեկի, քաղաքացիներու եւ բեռներու տեղափոխման նպատակով: Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը կ՛ապահովեն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նաեւ, որ կողմերուն համաձայնութեամբ պիտի ապահովուի կառուցումը նոր փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան միջոցներու, որոնք Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը պիտի կապեն Ազրպէյճանի հիմնական տարածքին հետ: Տնտեսական ուղիներու ապաշրջափակումը եւ նոր ճամբաներու կառուցումը, ինչպէս կը հասկնաք, երկարատեւ հոլովոյթ է, որուն առնչուած գլխաւոր հարցերը պիտի որոշուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ», ըսաւ Զախարովա:

Ան աւելցուց. «Ներկայ պահուս առաւել հեռանկարային ուղղութիւն է երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնումը»: «Ռուս մասնագէտներու աջակցութեամբ` Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանին մէջ երկաթուղային ենթակառոյցներու` սահմանամերձ տարածքներու նախնական ուսումնասիրութիւն տեղի ունեցած է», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

«Արեւմուտքը Ռուսիան Կը Մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղը Թուրքիոյ Հետ Կիսելու Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Էրտողան Յայտարարած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Հայաստանի Մասնակցութեամբ «Վեցեակի Հարթակ» Ստեղծելու Կարելիութեան Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.