Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Յայտարարած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Հայաստանի Մասնակցութեամբ «Վեցեակի Հարթակ» Ստեղծելու Կարելիութեան Մասին

December 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ հաւանական է «վեցեակի հարթակ» ստեղծել համագործակցութեան զարգացման համար:

«Մենք այսօր եղբօրս (Ալիեւի, «Ա.») հետ քննարկած ենք վեց երկիրներէ` Ազրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Երեւանի ցանկութեան պարագային նաեւ Հայաստանէն բաղկացած հարթակի ստեղծման հաւանականութիւնը: Ատիկա լաւ համագործակցութիւն պիտի ըլլար շրջանի զարգացման համար», ըսաւ Էրտողան:

Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ Թուրքիան պատրաստ է «դռները բանալու» Հայաստանի համար: Անոր համաձայն, Անգարան «խնդիրներ չունի հայ ժողովուրդին հետ»:

Նշենք, որ երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած զինուորական շքերթին մասնակցեցան նաեւ թրքական ուժեր, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցան թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերը:

Էրտողան յայտնեց, որ այնքան ատեն որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը իրարու թիկունք կը կանգնին, անոնք պիտի շարունակեն յաջողութեամբ յաղթահարել մարտահրաւէրները` աւելցնելով. «Կը հաւատամ, որ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ պատմութիւն կերտել Իլհամ Ալիեւի նախագահութեան ներքոյ»:

«Այսօր յաղթանակի եւ հպարտութեան օր մըն է ամբողջ թրքական աշխարհի համար», ընդգծեց Էրտողան, սակայն զգուշացուց, որ «հողերու ազատագրումը» չի նշանակեր, թէ «պայքարը աւարտին հասած է»: «Քաղաքական եւ զինուորական ոլորտներու մէջ մղուած պայքարը այսուհետեւ պիտի շարունակուի բազմաթիւ այլ ճակատներու վրայ», ըսաւ ան:

«Կը մաղթենք, որ հայ ժողովուրդը ձերբազատի բեռէն այնպիսի ղեկավարներու, որոնք զիրենք կը մխիթարեն անցեալի սուտերով եւ զանոնք աղքատութեան կը դատապարտեն», յայտնեց Էրտողան:

«Կը յուսանք, որ հայ քաղաքագէտները պատշաճօրէն պիտի արժեւորեն իրենց ներկայ կացութիւնը եւ ըստ այնմ ծրագրեն ապագայ ռազմավարութիւնները: Եթէ հայ ժողովուրդը նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմէն պէտք եղած դասերը քաղէ, ատիկա շրջանին մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ առայժմ, հայկական իշխանութիւնները ժողովուրդին ներուժը մսխած են «ազրպէյճանական տարածքներու իրենց շարունակուած բռնագրաւումին մէջ»:

Ան Հայաստանին կոչ ուղղեց գիտակցելու, որ «արեւմտեան կայսերապաշտներու քաջալերանքներով որեւէ արդիւնքի պիտի չհասնի»` Երեւանը ամբաստանելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու յանցանքով:

 

Նախորդը

«Շրջանին Մէջ Կ՛ապաշրջափակուին Բոլոր Տնտեսական Փոխադրամիջոցային Ուղիները» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Զինուորական Շքերթի Ժամանակ. Ալիեւ. «Զանգեզուրը, Սեւանը, Երեւանը Մեր Պատմական Հողերն Են»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.