Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը

Դեկտեմբեր 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինսքի խմբակի համանախագահները` Ռուսիայէն Իկոր Փոփով, Ֆրանսայէն Սթեֆան Վիսքոնթի եւ Միացեալ Նահանգներէն Էնտրիւ Շոֆըր շրջանային այցելութենէն ետք հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթի եւ ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր 12 եւ 13 դեկտեմբերին մեկնած են Պաքու, 13 եւ 14 դեկտեմբերին` Երեւան: Պաքուի մէջ զանոնք ընդունած է նախագահ Ալիեւ: Հանդիպած են արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ: Երեւանի մէջ զանոնք ընդունած է վարչապետ Փաշինեան, հանդիպած են արտաքին գործոց նախարար Այվազեանի հետ:

«Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովի` ճամբորդելու անկարողութեան պատճառով, Ռուսիան Պաքուի մէջ կը ներկայացնէր Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքովը, իսկ Երեւանի մէջ` Ռուսիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ալեքսէյ Սինեկուպովը: Համանախագահները հանդիպած են նաեւ շրջանին մէջ գործող Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Գրասենեակի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք եւս կը մասնակցէր բոլոր հանդիպումներուն:

«Երկու մայրաքաղաքներուն մէջ ալ կողմերը ներկայացուցին իրավիճակի գնահատականը եւ յայտնեցին յառաջիկայ տարուան մէջ համանախագահներու հետ համագործակցութեան վերաբերեալ իրենց ակնկալիքները: Հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները` համանախագահները հաստատեցին իրենց շարունակական նուիրուածութիւնը` կողմերուն հետ կառուցողականօրէն համագործակցելու շրջանին մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում խթանելու եւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու համար:

«Համանախագահները պարտաւորուած են նաեւ հանդիպումներու ընթացքին բարձրացուած հարցերուն վերաբերեալ որոշակի առաջարկներ ներկայացնել կողմերու հետագայ քննարկումներուն համար:

«Համանախագահները` մարդկային կորուստներ պատճառած դէպքերու վերջին տեղեկութիւնները մատնանշելով` կողմերուն կոչ ուղղեցին` իրենց յանձնառութիւններուն համահունչ յաւելեալ քայլեր առնելու` կայունացնելու համար կացութիւնը: Համանախագահները Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղեցին կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջացնելու բոլոր ձերբակալեալներու փոխանակումը եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ համակարգելով արագացնելու դիակներու ինքնութեան ճշդումն ու հայրենիք վերադարձը:

«Վերյիշելով 3 դեկտեմբերին Թիրանայի մէջ Մինսքի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն կողմէ ԵԱՀԿ-ի նախարարական յայտարարութիւնը` համանախագահները կը վերահաստատեն իրենց միացեալ կեցուածքը ի նպաստ մնացեալ բոլոր հիմնական նշանակալից հարցերու համապարփակ ու յարատեւ լուծման: Համանախագահները եւ կողմերը շեշտեցին կարեւորութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելուն` տագնապէն վնասուած ժողովուրդներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան համար»:

 

Նախորդը

Պայտըն Ընտրիչներու Քուէարկութեամբ Ստացած Է Նախագահ Դառնալու Անհրաժեշտ Ձայները

Յաջորդը

Փոմփէօ. «Ռուսիան Կը Շարունակէ Միջերկրական Ծովու Կայունութիւնը Վտանգել»

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?