Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապալի իրավիճակ ստեղծուած է, սակայն ատիկա շատ արագ մարած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ան նշած է, որ տեղի ունեցածին մասին քիչ տեղեկութիւններ կան, ռուսական կողմը կը վերահսկէ կացութեան, «ասիկա յաւելեալ բեռ է մեր խաղաղապահներուն համար»: Փեսքով պարզաբանած է, որ անյապաղ կապեր հաստատուած են տեղի ունեցածը կարգաւորելու համար:
«Ասիկա ամբողջ տեղեկատուութիւն է, որ մենք կրնանք տրամադրել: Իրօք, տագնապալի իրավիճակ կար, սակայն ատիկա արագ մարած է», ըսած է ան լրագրողներուն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլինը տեղեկութիւն ունի՞ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան խախտման մասին: