Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Արցախի Մէջ Կրակոցի Դադրեցման Դրութեան Խախտման Դէպքի Մասին` «Կայ Ըմբռնում, Որ Խաղաղապահներու Հետ Աւելի Լաւ Է Վտանգաւոր Խաղեր Չխաղալ» Կ՛ըսէ Ռուս Երեսփոխան Մը

December 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան Վիքթոր Վոտոլացքի Լուրերու ազգային ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի խախտումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Շաբթուան սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը յայտնած էր երեք զինուորներու վիրաւորուելուն մասին` ազրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններու պատճառով: Պաքուն, իր կարգին, մեղադրած է հայկական կողմը` սադրիչ գործողութիւններ կատարելու համար:

Աւելի ուշ տագնապի գօտիին մէջ գտնուող ռուս խաղաղապահ ուժերու զօրախումբի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ռուսթամ Մուրատով յայտնած է, որ 11 դեկտեմբերին Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերու մերձակայքին մէջ տեղի ունեցած է զինադադարի դրութեան խախտում, որ ճնշուած է ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններուն շնորհիւ:

«11 դեկտեմբերին տեղի ունեցած միջադէպէն ետք ռուս խաղաղապահները քայլերու ձեռնարկեցին, որպէսզի ատիկա չկրկնուի», ըսած է Տումայի երեսփոխան Վիքթոր Վոտոլացքի:

Ռուս երեսփոխանը շեշտած է, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն հետ` աւելցնելով, որ խաղաղապահ առաքելութեան զօրքերը կրնան ուժեղացուիլ, եթէ շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններ սկսին, սակայն կը կարծէ, որ ատոր կարիքը պիտի չըլլայ:

«Կը կարծեմ, որ ատոր կարիքը պիտի չըլլայ, եւ խաղաղապահներու քանակը բաւարար պիտի ըլլայ: Համոզուած եմ, որ ոչ մէկ կորուստ պիտի ըլլայ, որովհետեւ կայ ըմբռնում, որ աւելի լաւ է վտանգաւոր խաղեր չխաղալ խաղաղապահներուն հետ», եզրափակած է Վոտոլացքի:

 

Նախորդը

«Էրտողանի Բանաստեղծութիւն Արտասանելը Դժուար Թէ Միտումնաւոր Վիրաւորանք Պարունակէ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Պայտըն Ընտրիչներու Քուէարկութեամբ Ստացած Է Նախագահ Դառնալու Անհրաժեշտ Ձայները

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.