Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «սխալ տեղեկութիւններ» ունէր, երբ Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Միջերկրական ծովուն մէջ քաղաքական խաղեր խաղալու յանցանքով:
Փոմփէօ նշեց, որ Ռուսիան կը շարունակէ վտանգել Միջերկրական ծովուն կայունութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւն կ՛օգտագործէ երկիրներու գերիշխանութիւնը ականահարելու եւ շրջանին մէջ քաոս ու տագնապ ցանելու համար:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկրին նպատակը կը շարունակէ ըլլալ լիպիական կողմերը համոզել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու ճամբով քաղաքական լուծումի հասնիլ:



