Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Եւ Իրան Դատապարտած Են Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

December 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելուն համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու որոշումը` զայն որակելով «երկակի չափանիշներու դրսեւորում»: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակած են:

Իրանի իշխանութիւնները նոյնպէս «վճռականօրէն դատապարտած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը»: Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ:

«Անգամ մը եւս ամբողջովին ցուցադրուած է պատժամիջոցներու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմնակալութիւնն ու միջազգային իրաւունքին նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը: Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու վերջին պատժամիջոցները», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Զարիֆ:

Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատած են Թուրքիոյ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախագահ Իսմայիլ Տեմիրի եւ երեք անձերու դէմ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած էր, որ այդ որոշումը առնչուած է Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման:

«Թուրքիան շրջանային անվտանգութեան ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու արժէքաւոր դաշնակիցն ու կարեւոր գործընկերն է, եւ մենք կը ձգտինք շարունակել պաշտպանական ոլորտին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մեր բազմամեայ պատմութիւնը` կարելի եղածին չափ շուտ վերցնելով «Էս-400»-ի առնչուած խոչընդոտը», ըսած է ան իր գրաւոր յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Ըստ Թասս Լրատու Գործակալութեան. Իրան Եւ «Հնգեակ»-ը Այսօր Պիտի Սկսին Նախապատրաստուիլ Հիւլէական Գործարքի Վերաբերեալ Նախարարներու Հանդիպումին

Յաջորդը

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Ղարաբաղի Տարածքէն Անցնող Կազի Խողովակաշար Պիտի Կառուցեն

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.