Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Ռուսիոյ Հետ Ռազմավարական 10-Ամեայ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

December 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի խորհրդարանը վաւերացուցած է Ռուսիոյ հետ համապարփակ գործընկերութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով եգիպտական լրատուամիջոցներուն:

Եգիպտոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ պայմանագիրի վաւերացումը «Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր քայլ էր` հիմնուած բարեկամութեան խոր աւանդութիւններու, մեր ժողովուրդներու փոխադարձ համակրանքի եւ համագործակցութեան ընդլայնման փոխադարձ ցանկութեան վրայ»:

Դեսպանատունը յայտնած է, որ վաւերացումը տեղի ունեցած է 15 դեկտեմբերին:

Համաձայնագիրը երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ ստորագրուած է Սոչիի մէջ` 17 հոկտեմբեր 2018-ին: Տուման զայն վաւերացուցած էր յուլիս 2019-ի վերջաւորութեան:

Փաստաթուղթը կ՛ենթադրէ երկու պետութիւններու ղեկավարներու փոխադարձ այցելութիւններ առնուազն տարին մէկ անգամ` Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի նախարարներու եւ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Բացի ատկէ, համաձայնագիրը կը նախատեսէ խորհրդակցութիւններու ձեւաչափ` ըստ «2+2» տարազի, որուն մէջ պէտք է ներառուած ըլլան երկու երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Մոսկուան եւ Գահիրէն կը պարտաւորուին խթանել առեւտուրի, տնտեսական, զինուորական եւ ռազմական-թեքնիք ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացումը:

«Կողմերը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն ենթակառուցային նախագիծերուն, յատկապէս հիւլէական եւ ուժանիւթի տեսակներու ոլորտներուն մէջ», կը նշուի համաձայնագիրի բնագիրին մէջ:

Համաձայնագիրը կնքուած է 10 տարուան ժամկէտով եւ ուժի մէջ կը մտնէ երկու երկիրներուն կողմէ միջպետական ընթացակարգերու կատարման վերջին գրաւոր ծանուցման ստացման օրէն սկսեալ:

 

Նախորդը

Երէկ Գերմանիոյ Մէջ Ուժի Մէջ Մտան Երկրին Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Խիստ Առողջապահական Մեկուսացումի Սահմանափակումները

Յաջորդը

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ Քննարկած Են Խոտաաֆարինի Եւ Արաքսի Վրայ Գտնուող Այլ Ամբարտակներու Շահագործման Հարցը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.