Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յաճախ Համաձայն Չեմ Էրտողանի Հետ, Սակայն Ան Իր Խօսքին Տէրն Է Եւ Պոչը Թափ Չի Տար» Կ՛ըսէ Փութին

December 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ինք այլ երկիրներու ղեկավարները չի բաժներ լաւերու եւ վատերու, այլ կ՛աշխատի անոնց հետ Ռուսիոյ համար լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար:

Փութին ըսած է, որ ինք յաճախ համաձայն չէ Էրտողանի հետ, սակայն Թուրքիոյ ղեկավարը «իր խօսքին տէրն է եւ թափ չի տար իր պոչը»:

Պատասխանելով Տոնի Ռոսթովէն լրագրողի հարցումին` Ռուսիոյ նախագահը ըսած է. «Տոնպասի մէջ պատերազմի աւարտը ամբողջովին կախեալ է միայն Քիեւի քաղաքական կամքէն»:

Փութին յիշեցուցած է, որ Փիոթր Փորոշենքոն եւ Վլատիմիր Զելենսքին, երբ կ՛առաջադրուէին նախագահի պաշտօնին, կը խոստանային դադրեցնել պատերազմը, միաւորել Ուքրանիան եւ կարգաւորել Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները: «Սակայն իշխանութեան գալով` անոնք անմիջապէս կը մոռնան իրենց խոստումները: Անոնց ակնյայտօրէն կը պակսի քաղաքական քաջութիւնը», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ Ուքրանիոյ ղեկավարութիւնը զգալի ճնշումի կ՛ենթարկուի ազգային արմատականներու կողմէ:

Փութին արժանին մատուցած է Վլատիմիր Զելենսքիին` Տոնպասի մէջ աշխուժ զինուորական գործողութիւններու բացակայութեան եւ գերիներու փոխանակման համար: «Սակայն խնդիրի քաղաքական լուծման տեսանկիւնէն Քիեւ ոչինչ ձեռնարկած է: Աւելի՛ն, Քիեւի մէջ յայտնի պաշտօնատարները այժմ կը բարձրացնեն Մինսքի համաձայնագիրի վերատեսութեան հարցը», շեշտած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Տոնպասի առնչուած կացութիւնը պիտի կարգաւորուի, հարցը այն է, թէ ե՞րբ: Ռուսիան միշտ աջակցած է Տոնպասի բնակչութեան, մենք պիտի աւելցնենք այդ աջակցութիւնը», ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

Խօսելով ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին` Փութին շեշտեց, որ Ռուսիան չէ միջամտած ամերիկեան ընտրութիւններուն: Բացի ատկէ, ան նշած է, որ այդ ամէնը շահարկումներ են, որոնք կոչուած են փճացնելու Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները:

«Մոսկուան կ՛ենթադրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի հասկնայ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ Փութին:

Բացի ատկէ, Ռուսիոյ ղեկավարը յոյս ունի, որ Պայտըն պիտի լուծէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները:

Ան աւելցուց, որ Թրամփ Ռուսիոյ մէջ ապաստանի կարիք չունի, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր շատերը կ՛աջակցին:

Փութին նաեւ կը կարծէ, որ Թրամփ պիտի չհեռանայ քաղաքականութենէն:

Նախորդը

«Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Անհրաժեշտութիւն Են» Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Իրանի Հետ Հիւլէական Գործարքին Կողմերը 21 Դեկտեմբերին Նախարարներու Մակարդակով Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Պիտի Ունենան

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.