Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Հաստատած Է Իրաքի Երկինքին Մէջ Իրաքեան Անօդաչու Թռչող Սարք Ջախջախելու Մասին Տեղեկութիւնը

December 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է ամերիկեան ուժերու կողմէ Պաղտատի երկինքը իրաքեան անօդաչու թռչող սարքի ջախջախման մասին: Այս մասին կը յայտնէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը:

Նախապէս լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը սխալմամբ ջախջախած են իրաքեան բանակի անօդաչու թռչող սարք մը, ինչ որ հետագային հաստատած էր Պաղտատի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը:

«Լազերային կառավարումով համակարգը չորեքշաբթի օր ջախջախած է անօդաչու թռչող սարք մը Պաղտատի Ալ-Հարթիա շրջանին մէջ` կարծելով, որ սարքը կը պատկանի զինեալ խմբաւորումի մը», հաղորդած է «Պաս Նիուզ» գործակալութիւնը:

Իրաքի ոստիկանութեան սպայ Ահմետ Խալաֆ լրագրողներուն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ներում հայցած է իրաքեան բանակէն` սխալմամբ բանակի անօդաչու սարքը ջախջախելու համար, որովհետեւ դեսպանատունը նախաձեռնած է քայլերու իրանեան հաւանական յարձակումներէն պաշտպանուելու համար:

Լրատու գործակալութիւնը նշած է, որ Պաղտատի կանաչ գօտիին մէջ, ուր կը գտնուին կառավարական եւ դիւանագիտական առաքելութիւններուն պատկանող շէնքեր` վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած է հրթիռակոծութիւն, որուն մեղաւորները տակաւին բացայայտուած չեն: Այս եւ շարք մը այլ հրթիռակոծութիւններու պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ծառայութիւնը ներդրած է հակահրթիռային համակարգ` Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դէմ ուղղուած աճող յարձակումները դիմակայելու համար:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Յայտարարած Են, Որ Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցները Պիտի Չազդեն Ռուսիոյ Հետ Համաձայնագիրին Վրայ

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Անհրաժեշտութիւն Են» Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.