Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդը Լիպիայէն Օտար Զինեալներու Եւ Վարձկաններու Հեռացումը Պահանջեց

December 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց յայտարարութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ «բոլոր վարձկաններուն եւ օտար զինեալներուն հեռանալու լիպիական հողերէն»:

Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները իրենց յայտարարութեան մէջ յայտնեցին, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն «Լիպիայէն բոլոր օտար զինեալներու ու վարձկաններու հեռացման, ինչ որ համահունչ է զինադադարի համաձայնութեան, զոր լիպիական կողմերը գոյացուցին 23 հոկտեմբերին, ինչպէս նաեւ փետրուարին Պերլինի խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ստանձնած յանձնառութիւններուն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի առնչակից որոշումներուն»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները շեշտեցին, թէ կարեւոր է, որ զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմները ըլլան Լիպիոյ ղեկավարութեամբ, հաւաստի եւ ազդու:

Միւս կողմէ, դիւանագէտներ յայտարարեցին, որ Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի` պուլկար Նիքոլայ Մլատինովը Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ եւ նորվեկիացի Թոր Վեննեսլանտը Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի պատուիրակ նշանակելու առաջարկը:

Նշենք, որ Մլատինով Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի պաշտօնին վրայ կու գայ փոխարինելու լիբանանցի նախկին նախարար Ղասսան Սալամէն, որ մարտին ուժասպառութեան պատճառով հրաժարած էր իր պաշտօնէն: Վեննեսլանտ իր կարգին կը փոխարինէ Մլատինովը, որ անցեալ հինգ տարիներուն վարած էր Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ ՄԱԿ-ի միջնորդի պաշտօնը:

 

 

Նախորդը

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ Քննարկած Են Խոտաաֆարինի Եւ Արաքսի Վրայ Գտնուող Այլ Ամբարտակներու Շահագործման Հարցը

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահին Յայտարարութիւնը Զիս Ապշեցուց» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ  Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ
Միջազգային

Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.