Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահին Յայտարարութիւնը Զիս Ապշեցուց» Կ՛ըսէ Զախարովա

December 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատմած է, թէ ինչո՛վ կը զբաղին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն ու Ղարաբաղի հարցով միւս կառոյցները:

Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ատիլ Ալիեւ նախապէս յայտարարած էր, որ ռուս խաղաղապահները իրաւունք չունին Ղարաբաղի քարտէսը փոխելու: Ան նաեւ նոր կորուստներու սպառնալիքներ ուղղած էր Հայաստանին եւ անոր դաշնակից Ռուսիոյ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը երէկ շեշտեց, որ զինք ապշեցուցած է «պաշտպանելու իրաւունք չունին» արտայայտութիւնը:

«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ բոլոր յայտարարութիւնները պէտք է ուղղուած ըլլան գլխաւոր նպատակին հասնելուն, գլխաւոր խնդիրին լուծման` երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ լիարժէք լուծման», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, կարեւոր եւ բարդ աշխատանք կատարուած է, ինչ որ կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր բառ պէտք է կշռադատել եւ հաշիւ տալ, թէ ինչի՛ համար ատիկա կ՛արտաբերուի:

«Ինչ կը վերաբերի մանրամասնութիւններուն, լիազօրութիւններուն, երկրի իրավիճակին, գործնական պարտականութիւններուն, պարտականութիւններու բաշխման պատասխանատուութեան գօտիին, ապա այդ բոլոր հարցերը կրնան եւ պէտք է լուծուին կողմերու միջեւ աշխատանքային կարգով: Մենք երկխօսութիւն կը վարենք թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի հետ բոլոր այն խողովակներով, որոնք գոյութիւն ունին», ըսած է Զախարովա:

Ան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ կառոյցներ, որոնք կրնան դերակատարութիւն ունենալ Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լայն ձեւաչափով կարգաւորման մէջ, այս փուլին հետագայ քայլերը կ՛որոշեն:

«Բոլորը շատ բարդ փուլի մէջ են: Ես կը կարծեմ, որ ժամանակ պէտք է, որ բոլոր հոլովոյթները համակարգուին եւ համաձայնեցուին: Եւ հիմա բոլորը ճիշդ ատով զբաղած են», ըսաւ Զախարովա:

Ըստ անոր, շրջանին մէջ հիմնախնդիրները շատ-շատ են` մարդասիրական հարցեր, տեղահանուածներ, մշակութային կառոյցներ, անվտանգութիւն, ականազերծում: Կ՛ընթանայ իւրաքանչիւր բնագաւառի կարգաւորում կամ ենթակարգաւորում` իրենց ուղղութիւններուն համաձայն:

«Միջազգային կառոյցներու գործունէութիւնը պէտք չէ ընթանայ առանց համագործակցութեան այն պետութիւններուն հետ, որոնց մասին կը խօսուի», ընդգծեց Զախարովա:

«Ռուսիան կարելի ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի շրջանին մէջ ամուր եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատուի: Մենք կը մեկնինք այն հանգամանքէն, որ տագնապին կողմերը եւս կ՛ուղորդուին նոյն նպատակներով», ըսաւ Զախարովա:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներու շրջան կատարած այցելութեան եւ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովի բացակայութեան, Զախարովա նշեց, որ Ազրպէյճանի մէջ ռուսական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը, իսկ Հայաստանի մէջ` ժամանակաւոր հաւատարմատար Ալեքսէյ Աինիկուպովը: Ըստ անոր, այդպէս որոշուած է նախապէս:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Լիպիայէն Օտար Զինեալներու Եւ Վարձկաններու Հեռացումը Պահանջեց

Յաջորդը

Նախիջեւան – Թուրքիա Կազի Խողովակաշարի Կառուցման Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ  Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ
Միջազգային

Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.