Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Իսրայէլ 1 Քայլ Կատարէ, Թուրքիան 2 Պիտի Ընէ. Թուրքիան Պատրաստ Է Վերականգնելու Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

December 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւնները մինչեւ մարտ կրնան վերականգնիլ: Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Մեսութ Քազին:

«Եթէ Իսրայէլ մէկ քայլ կատարէ, Թուրքիան երկու պիտի ընէ, եւ մարտին Անգարան կրնայ Թել Աւիւի մէջ դարձեալ բանալ իր դեսպանատունը», ըսած է ան:

Քազինի համաձայն, երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնումը շատ կարեւոր է, եւ Թուրքիան չ՛ուզեր դարձեալ տագնապի մէջ մտնել Իսրայէլի հետ: Իսկ Պայտընի նոր վարչակազմը, անոր համաձայն, պիտի նպաստէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտեցման ջանքերուն:

Ան նաեւ նշած է, որ Իսրայէլ կրնայ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն շահիլ, որովհետեւ «երկու երկիրներու պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը կրնայ միասին յառաջ երթալ»:

«Թուրքիան Իսրայէլի քարիւղակազային հարստութիւններու կարեւոր հաւանական գնորդն է, ինչպէս նաեւ խողովակաշարով եւրոպական շուկայ դուրս գալու միջանցքը», ըսած է ան:

Թուրքիան Իսրայէլի դեսպանը արտաքսած է եւ իր դեսպանորդը տուն կանչած մայիս 2018-ին` Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու եւ իր դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու Միացեալ Նահանգներու որոշումին պատճառով:

«Մոնիթըր» նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ երկրի Ազգային հետախուզական ծառայութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքքան Ֆիտան իսրայէլացի պաշտօնեաներու հետ յարաբերութիւններու լուծման ուղղութեամբ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն: Մասնաւորաբար` ՄԻԹ-ի ղեկավարը այդ ուղղութեամբ տարբեր հանդիպումներ ունեցած է:

Կայքը նշած էր, որ Անգարայի մէջ կ՛աճի մտահոգութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ, դեմոկրատական Ճօ Պայտըն նուազ ներողամիտ պիտի գտնուի ռազմատենչութեանը նկատմամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, որ 2016 թուականէն ի վեր երեք անջատ ներխուժումներու ձեռնարկած է Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ, զօրքեր եւ Սուրիայէն վարձկաններ ուղարկած է Լիպիա եւ Լեռնային Ղարաբաղ:

«Անոնց հաշուարկով` Իսրայէլի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելով կրնան արժանանալ Պայտընի վարչակազմի սիրալիր վերաբերմունքին», յայտնած էր թերթը:

 

 

Նախորդը

«Չեմ Կասկածիր` Պայտըն Պիտի Վերադառնայ Հիւլէական Գործարքի Պարտաւորութիւններու Կատարման» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Աշխարհի Տարածքին «Քորոնա» Ժահրի Նոր Տարբերակի Պարագաներ Կ՛արձանագրուին

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.