Իրանի ուժանիւթի նախարարի միջազգային հարցերով օգնական Ամիր Հուսէյն Զամանինիա Հայաստանի ենթակառոյցներու նախարարի օգնական Յակոբ Վարդանեանի հետ քննարկած է բնական կազի արտածման եւ կազը ելեկտրականութեամբ փոխանակելու պայմանագիրի երկարաձգման հարցը: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Զամանիա շաբաթ օր Թեհրանի մէջ հայկական պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ բանակցութիւնները ներառած են ուժանիւթի մարզին մէջ երկարատեւ յարաբերութիւններու զարգացման հարցը, եւ այդ առնչութեամբ գլխաւոր կէտերուն շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացած են:
Ան նշեց, որ բնական կազի արտածման եւ կազը ելեկտրականութեամբ փոխանակելու վերաբերեալ թեքնիք հարցերու քննարկումը յետաձգուած է մօտիկ ապագային` աւելցնելով, որ համաձայնութեան գոյացումէն ետք այդ ոլորտին մէջ երկարատեւ պայմանագիր պիտի կնքուի:
Վարդանեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան մէկուկէս տարիէ ի վեր կը քննարկէ Իրանէն բնական կազի ներածման եւ կազը ելեկտրականութեամբ փոխանակելու պայմանագիրի երկարաձգման հարցը, իսկ տեղի ունեցած բանակցութիւնները աւելի քան դրական էին:
Թեհրան եւ Երեւան 2004 թուականին գոյացուցած էին կազը 20 տարի ելեկտրականութեամբ փոխանակելու համաձայնութիւն մը:
Համաձայնութեան հիմամբ Իրան կազ կը մատակարարէ Հայաստանի մէջ գործող ելեկտրակայաններու, իսկ վերջիններս իրենց կարգին ելեկտրականութիւն կ՛արտածեն, բան մը, որ սկսած է գործադրուիլ 2009 թուականէն ի վեր:



