Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առանց Փաշինեանի Հեռանալուն Կարելի Չէ Հայ Ժողովուրդի Ոգիի Եւ Իր Ուժի Նկատմամբ Հաւատքի Վերականգնում» Կ՛ըսէ Զաթուլին

Դեկտեմբեր 23, 2020
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուս յայտնի քաղաքական գործիչ, Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան, «Ետինիա Ռոսիա» խմբակցութեան անդամ, Տումայի ԱՊՀ-ի գործերով, եւրասիական համարկման ու հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին ռուսական «Քէյ.Փի.» կայքին վրայ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ներքաղաքական բարդ իրավիճակին:

«Հայ ժողովուրդը, իր իշխանութիւններուն կողմէ դաւաճանուած պատերազմի դաշտին եւ դիւանագիտական ճակատման մէջ, արթնցաւ սարսափելի երազէն եւ կը պահանջէ ձախողութեան պատասխանատուներու հրաժարականը: Անոնք կը դիմադրեն` մոռնալով երէկուան սորոսական ելոյթները, կը բռնեն Ռուսիոյ ձեռքը` անյոյս փորձով կանխարգիլելու անխուսափելին», նշած է Զաթուլին:

Ան համոզում յայտնած է, որ առանց Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալուն կարելի չէ հայ ժողովուրդի ոգիի եւ իր ուժի նկատմամբ հաւատքի վերականգնում:

«Ես չեմ գիտեր, թէ ատիկա որքա՛ն պիտի տեւէ: Համոզուած եմ միայն, որ առանց Նիկոլ Փաշիեանի հեռանալուն կարելի չէ հայ ժողովուրդի ոգիի եւ իր ուժի նկատմամբ հաւատքի վերականգնում: Եւ ասիկա Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներու զուտ ներքին, գերիշխան գործն է: Մեր գործն է որոշել` Կովկասի մէջ նոր պատերազմի պատճառով Խորհրդային Միութեան եւ ռուսական կայսրութեան իրաւայաջորդ Ռուսիան շահա՞ծ է, թէ՞ կորսնցուցած է: Որո՞նք են Ղարաբաղի դասերը Ռուսիոյ համար», ըսած է Զաթուլին:

Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան, իբրեւ դաշնակից, պէտք է ստեղծուած կացութեան մէջ աջակցի Հայաստանին, եւ ատիկա, ըստ Զաթուլինի, այլընտրանք չունի:

«Եթէ պաշտօնական զինուորական դաշնակիցդ պարտուած է, հաշմանդամ եւ մխրճուած քաոսի մէջ, մի՛ հարցներ, թէ զանգը որո՛ւ համար կը հնչէ: Պատերազմի 44 օրուան ընթացքին ամբողջ Հայաստանի հետ մէկտեղ շրջափակուած էին նաեւ Գիւմրիի ռազմակայանին մէջ գտնուող մեր հինգ հազար զինուորներն ու սպաները: Ես կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս քանի մը տարի առաջ Վլատիմիր Փութին, գտնուելով Գիւմրիի մէջ, ուր ժամանակին ծառայած էր «Սլաւոնուհիի հրաժեշտը» ստեղծագործութեան հեղինակը, ըսաւ. «Ակափքինը այս երգը գրած է այլ առիթով: Մենք չենք պատրաստուիր հեռանալ Կովկասէն»:

«Ասիկա կը նշանակէ, որ դժուար պահուն մեր պատմական դաշնակիցին` Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին աջակցիլը այլընտրանք չունի: Փաշինեանները կու գան-կ՛երթան, սակայն հայ ժողովուրդը կը մնայ: Մեր յարաբերութիւնները կնքուած են արիւնով` Հայրենական մեծ պատերազմէն ալ աւելի առաջ», ըսած է Զաթուլին:

Ռուս քաղաքական գործիչը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ գործողութիւնը Ռուսիոյ պատուոյ հարցն է:«Երբ ես եւ միւսները կը պնդէինք ատոր անհրաժեշտութիւնը պատերազմի օրերուն, միթէ՞ չէին լսեր Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի ընկերները, որոնք ամէն ձեւով կը զարգացնէին «ասիկա մեր գործը չէ, «մենք չենք ձգեր, որ ռուս զինուորի արիւնը թափուի այլոց շահերու համար» թեզը եւ այլն», աւելցուցած է Զաթուլին` ընդգծելով, որ հիմա այդ նոյն մարդիկ փոխած են իրենց դիրքորոշումը եւ Ռուսիոյ նախագահի` ռուս խաղաղապահներու տեղակայման որոշումը հեռատես կ՛որակեն:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Ռուսիոյ Դէմ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիներուն 66,2 Առ Հարիւրը Անկարելի Կը Նկատէ Արցախի Մէջ Հայերու Հետ Ապրիլը

RelatedPosts

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ  Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին  Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Նոյեմբեր 17, 2025
Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Կազայի Մէջ  Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կանգնելու Եւ Իրմէ  Պահանջուածը Պիտի Կատարէ,  Ներառեալ Ուժեր Ուղարկելը»
Գլխաւոր լուրեր

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Կազայի Մէջ Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կանգնելու Եւ Իրմէ Պահանջուածը Պիտի Կատարէ, Ներառեալ Ուժեր Ուղարկելը»

Նոյեմբեր 17, 2025
Ռուպիօ Կազայի Շուրջ ՄԱԿ-ի Որոշումի  Հրապարակման Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Յայտնեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ Կազայի Շուրջ ՄԱԿ-ի Որոշումի Հրապարակման Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Յայտնեց

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?